Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի ԱԺ 4 Խմբակցութիւնները Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Արցախի ԱԺ 4 Խմբակցութիւնները Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

by MassisPost

Արցախի խորհրդարանի 5 ուժերէն 4-ը՝ «Արդարութիւն»-ը, «Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ»-ն, Դաշնակցութիւնն ու Արցախի Ժողովրդական Կուսակցութիւնը նախագահի թեկնածու առաջադրած են քանի մը օր առաջ պետական նախարար նշանակուած Սամուէլ Շահրամանեանը, «Ազատութեան» յայտնեց Արցախի Ազգային Ժողովի Քարտուղարութեան պետ Անահիտ Քոչարեանը:

«Միասնական Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Սամուէլ Բաբայեանն ալ յայտնած է, թէ անոնք քուէարկութեան պիտի չմասնակցին, նախագահի ընտրութեան օրը մտադիր են Ստեփանակերտի մէջ հաւաք կատարել:

Պատգամաւորներուն խօսքով՝ նախագահի ընտրութեան առաջին փուլը այս շաբաթ օրն է՝ Սեպտեմբեր 9-ին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment