Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ-Ամերիկեան Զօրավարժութիւններ Հայաստանի Մէջ. Մոսկուան «Մտահոգուած Է»

Հայ-Ամերիկեան Զօրավարժութիւններ Հայաստանի Մէջ. Մոսկուան «Մտահոգուած Է»

by MassisPost

Յաջորդ Երկուշաբթի՝ Սեպտեմբեր 11-ին, Հայաստանի մէջ պիտի մեկնարկեն հայ-ամերիկեան համատեղ զօրավարժութիւնները՝ «Արծիւ գործընկեր 2023» խորագրով։

Պաշտպանութեան Նախարարութեան փոխանցմամբ՝ շուրջ 10 օր նախատեսուած զօրավարժութիւնները տեղի պիտի ունենան միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն մէջ մասնակցութեան նախապատրաստման ծիրին մէջ։ Ռազմական գերատեսչութիւնը կը շեշտէ, որ զօրավարժութիւնը կ’ենթադրէ խաղաղապահ առաջադրանքներու ընթացքին հակամարտող կողմերուն միջեւ կայունացման գործողութիւններ։

«Զօրավարժությեան նպատակն է բարձրացնել միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւնների մասնակցող ստորաբաժանման փոխգործակցելիությեան մակարդակը խաղաղապահ գործողութիւնների շրջանակում, իրականացնել կառավարման եւ մարտավարական հաղորդակցման լաւագոյն փորձի փոխանակում, ինչպէս նաեւ բարձրացնել հայկական ստորաբաժանման պատրաստուածութիւնը ՆԱԹՕ/Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան «գործնական կարողութիւնների հայեցակարգ»-ի ծրագրային գնահատման համար», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Պաշտօնական Մոսկուան արդէն մտահոգիչ որակած է ԱՄՆ-ի հետ զօրավարժութիւններ կատարելու Հայաստանի մտադրութիւնը։ Քրեմլինի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով զգուշացուցած է, որ պիտի հետեւին իրավիճակին։

«Նման լուրերը մտահոգութեան տեղիք կու տան՝ յատկապէս ներկայ իրավիճակին մէջ։ Մենք խորութեամբ պիտի վերլուծենք այդ տեղեկութիւնները», նշած է Փեսքով։

Հայ-ամերիկեան զօրավարժութիւններուն պիտի մասնակցին 85 ամերիկացի ու 175 հայաստանցի զինուորական

Հայ-ամերիկեան զօրավարժութիւններուն պիտի մասնակցի 85 ամերիկացի ու 175 հայաստանցի զինուորական, «Ռոյթըրզ»-ին փոխանցած է Միացյալ Նահանգներու Պաշտպանութեան Նախարարութեան խօսնակը։ Ամերիկացի զինուորականներու կազմին մէջ պիտի ըլլայ նաեւ Քանզասի ազգային պահակագունդը, որ արդէն 20 տարիէ կը համագործակցի Հայաստանի հետ։ Զօրավարժութիւններու ընթացքին ամերիկացի զինուորականները պիտի օգտագործեն հրաձգային զինատեսակներ եւ պիտի չկիրառին ծանր զրահասարք։

«Այս զօրավարժութիւնը ոչ միայն հիմնուած է Հայաստանի հետ Քանզասի ազգային պահակագունդի 20-ամեայ յարաբերութիւններուն վրայ, այլ նաեւ մշտական եւ հերթափոխ ուժերու միջեւ մեր յարաբերութիւններուն վրայ», ըսած է ԱՄՆ բանակի Եւրոպայի եւ Ափրիկէի խօսնակ Մարթին Օ’տոնելը` յաւելելով. «Այն կենսական հնարաւորութիւն է մեր զինուորներուն համար՝ կատարելու համարկուած, ամբողջական ուժային վարժանք՝ մարտավարական մակարդակին մէջ նոր յարաբերութիւններ կառուցելու միջոցին»:

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը, իր հերթին, միայն տեղեկացուցած է, որ զօրավարժութիւնները տեղի պիտի ունենան խաղաղապահ գումարտակի «Զառ» ուսումնական կեդրոնին մէջ։

Ի դէպ, նոյն ինքն ամերիկեան աջակցութեամբ բարեկարգուած «Զառ» կեդրոնը բացուեցաւ անցեալ տարի։ Այն Պաշտպանութեան Նախարարութեան խաղաղապահ գումարտակի հիմնական ուսումնական ստորաբաժանումն է, ուր կ’իրականացուին խաղաղապահ ուժերու վարժանքները, զօրավարժութիւնները, վերապատրաստման դասընթացներ եւ այլն:

Ռազմական փորձագէտները կը նշեն, որ հայ-ամերիկեան զօրավարժութիւններ Հայաստանի մէջ դարձեալ եղած են, պարզապէս առաջին անգամ անոնք մասշտաբային պիտի ըլլան։

Զօրավարժութեան նախաձեռնողը եղած է Միացեալ Նահանգները. քաղաքական մեկնաբան

Քաղաքական մեկնաբան Յակոբ Բադալեանը հայ-ամերիկեան զօրավարժութիւնները կը դիտարկէ ամերիկեան քաղաքական աշխուժութեան ծիրին մէջ, ինչ որ Միացեալ Նահանգները կը դրսեւորէ ամիսներ շարունակ, մասնաւորապէս նաեւ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին մէջ։ Հայաստանն ալ այս քայլով կը լուծէ իր քաղաքական խնդիրներն ու նպատակները։

«Որքան ինձ յայտնի է, զօրավարժութեան նախաձեռնողը, առաջարկ անողը եղել է Միացեալ Նահանգները, Երեւանը պարզապէս չի մերժել ու ընդառաջել է այս առաջարկին: Ի հարկէ, սա իր հերթին պայմանաւորուած է Հայաստանի իշխանութեան քաղաքական խնդիրներով ու նպատակներով. Հայաստանի իշխանութիւնը փորձում է այսկերպ որոշակիօրէն նուազեցնել այն կախուածութիւնը, որ կայ Ռուսաստանից, միեւնոյն ժամանակ Արեւմուտքին եւս փորձում է բերել, այսպէս ասենք, Հայաստանի անվտանգութեան համար պատասխանատուութեան դաշտ, բարձրացնել պատասխանատուութիւնը», նշեց Բադալեանը:

Քաղաքական մեկնաբանին համոզմամբ, սակայն, առանցքային հարցը այն է, թէ ինչպէս այդ զօրավարժութիւններուն կ’արձագանգեն Ռուսաստանն ու Իրանը։ Այս տեսնակիւնէն, բնականաբար, Երեւանը պէտք է կարենայ դիւանագիտական լուրջ աշխատանք տանիլ Մոսկուայի եւ Թեհրանի հետ, որպէսզի անվտանգային խնդիրներ լուծելուն զուգահեռ, Հայաստանը չդարձնէ հակադիր ուժերու բախման թատերաբեմ։ Յատկապէս, որ Ատրպէյճանը պատրաստ կը սպասոէ այդպիսի հնարաւորութեան։

«Խօսքն այն մասին չէ, որ պէտք է ստանայինք թոյլտուութիւն Ռուսաստանից, խօսքն այն մասին է, որ պէտք է իրավիճակը բացատրուի, որպէսզի չառաջանան հակառակ հակազդեցութիւններ եւ մենք, այսպէս ասենք, անվտանգութեան ազդեցութիւն ստանալու փոխարէն չստանանք անվտանգութեան նոր թերութիւններ», ընդգծեց Յակոբ Բադալեանը:

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը առայժմ որեւէ կերպ չէ արձագանգած հայ-ամերիկեան զօրավարժութիւններուն շուրջ Մոսկուայէն հնչած մտահոգութիւններուն։

Հայ-ռուսական յարաբերութիւնները վերջին շրջանին խիստ լարուած են, նախօրէին Երեւանը Մոսկուայի գլխաւորած ռազմական դաշինքէն՝ ՀԱՊԿ-էն ետ կանչեց իր ներկայացուցիչը։ Նոր ներկայացուցիչ դեռ չէ նշանակուած։

«Ազատութիւն»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment