Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Էտկար Սեւիքեանը Չէ Ընդունած Ռուսաստանի Հաւաքականին Հրաւէրը

Էտկար Սեւիքեանը Չէ Ընդունած Ռուսաստանի Հաւաքականին Հրաւէրը

by MassisPost

Ռուսական «Փարի Նիժնի Նովկորոտ»ի 22-ամեայ յարձակող Էտկար Սեւիքեանը չէ ընդունած  Ռուսաստանի հաւաքականին հրաւէրը։

Այդ մասին ֆութպոլիստին յայտարարութիւնը տարածած է ակումբին մամուլի ծառայութիւնը։

«Շատ հաճելի է, որ Ռուսաստանի հաւաքականի մարզչական շտաբը ուշադրութիւն դարձուցած եւ գնահատած է իմ աշխատանքս եւ արդիւնքները։ Ռուսաստանը ինծի շատ բան սուած է իմ արհեստավարժութեան եւ ասպարէզին համար։ Սակայն ես չեմ կրնար ընդունիլ Ռուսաստանի հաւաքականին հրաւէրը, քանի որ արդէն որոշած եմ հանդէս գալ Հայաստանի հաւաքականին մէջ։ Յոյս ունիմ, որ երկրպագուները ըմբռնումով կ’ընդունին ընտրութիւնս ու ինքնուրոյն որոշումս», նշած է Էտկար Սեւիքեանը։

Հայաստանի հաւաքականը Թուրքիոյ եւ Խրուաթիոյ հաւաքականներուն դէմ յառաջիկայ ընտրական հանդիպումներուն չէ հրաւիրած Սեւիքեանը, որ Մոսկուայի «Լոքոմոթիվ»ի սան է, 2017-ին տեղափոխուած էր սպանական «Լեւանթէ»։ Այս ամրան ան ազատ գործակալի կարգավիճակով միացած է «Փարի Նիժնի Նովկորոտ»ին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment