Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Չեն Կրնար Դուրս Հանել ԵԱՏՄ-էն, Եթէ Նոյնիսկ Մնացած Բոլոր Երկիրները Այդ Ցանկութիւնը Ունին․ Յակոբեան

Հայաստանը Չեն Կրնար Դուրս Հանել ԵԱՏՄ-էն, Եթէ Նոյնիսկ Մնացած Բոլոր Երկիրները Այդ Ցանկութիւնը Ունին․ Յակոբեան

by MassisPost

«Հայաստանին չեն կարող հեռացնել Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնից առանց նրա ցանկութեան, նոյնիսկ եթէ միւս անդամ պետութիւնները նման մտադրութիւն ունենան»։

Ազգային Ժողովին մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին այս մասին յայտնած է «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Յասմիկ Յակոբեանը։

Անդրադառնալով Հայաստանի նկատմամբ ԵԱՏՄ պայմանագրի գործողութեան հնարաւոր կասեցման վերաբերեալ հրապարակումներուն՝ պատգամաւորը նշած է, որ նման մտավախութիւն չունի։

«Չկայ հիմա նման մտավախութիւն։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չեն կարող դուրս հանել ԵԱՏՄ-ից, եթէ անգամ մնացած բոլոր երկրներն այդ ցանկութիւնն ունեն»,- ըսած է Յակոբեան։

Ան ընդգծած է, որ Հայաստանը Միութենէն դուրս գալու ցանկութիւն չէ յայտնած։

«Հայաստանը դուրս չի գալիս ԵԱՏՄ-ից»,- շեշտած է պատգամաւորը։

Յիշեցնենք՝ աւելի վաղ ՌԴ կառավարութեան մամուլի ծառայութիւնը հրապարակած էր Ռուսաստանի, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի եւ Ղրղզստանի կառավարութիւններու համատեղ զեկոյցը՝ «2014 թուականի Մայիս 29-ի Եւրասիական Տնտեսական Միութեան մասին պայմանագրի գործողութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ կասեցնելու հնարաւոր հետեւանքներու մասին»:

Անոր մէջ արտացոլուած է, թէ ինչպէս ԵԱՏՄ-ին Հայաստանի անդամակցութեան կասեցումը կրնայ անդրադառնալ հանրապետութեան տնտեսութեան վրայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment