Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Կարմիր Խաչի Ներկայացուցիչները Հանդիպած Են Առեւանգուած Երեք Արցախցի Երիտասարդներուն

Կարմիր Խաչի Ներկայացուցիչները Հանդիպած Են Առեւանգուած Երեք Արցախցի Երիտասարդներուն

by MassisPost

Օգոստոս 30-ին եւ 31-ին Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի ներկայացուցիչները այցելած են Լաչինի միջանցքէն Օգոստոս 28-ին Ատրպէյճանի ուժայիններու կողմէ առեւանգուած երեք արցախցի երիտասարդներուն։ Այս մասին «APA» գործակալութեան յայտնած է ԿԽՄԿ ատրպէյճանական գրասենեակի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի ղեկավար Իլահա Հուսէյնովան։

Լրատուամիջոցին փոխանցմամբ` միջազգային կառոյցին ներկայացուցիչները արցախցի ուսանողներուն հետ «անհատական հանդիպում ունեցած են, եւ նրանց հնարաւորութիւն տրուած է կապ հաստատելու իրենց ընտանիքներուն հետ»։

Պաշտօնական Պաքուն կը պնդէ, որ Ալէն Սարգսեանը, Վահէ Յովսէփեանն ու Լեւոն Գրիգորեանը երկու տարի առաջ «անարգած են ատրպէյճանական դրօշը»: Հայ երիտասարդները, ըստ Պաքուի, տասնօրեայ վարչական կալանքի պիտի ենթարկուին, ապա վտարուին Ատրպէյճանէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment