«Հայաստանը տէ ֆաքթօ արդէն դուրս եկած է Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ)»: Այս մասին յայտնած է ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Թաալաթբեկ Մասատիքովը։
«Մենք փաստաթուղթերը կ’ուղարկենք ներպետական համաձայնեցման։ Բոլոր փաստաթուղթերը կ’ուղարկենք նաեւ Հայաստան։ Եւ իւրաքանչիւր հարցի վերաբերեալ կը ստանանք պատասխան, որ հայկական կողմը չի մասնակցիր տուեալ
հարցի քննարկման ու որոշումներու ընդունման, սակայն դէմ չէ սահմանափակ կազմով որոշումներու ընդունման։
«Ըստ էութեան, անոնք տէ ֆաքթօ արդէն դուրս եկած են կազմակերպութենէն»,- ըսած է ան։ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու ղեկավարները Նոյեմբեր 11-ին Մոսկուայի մէջ կայանալիք Հաւաքական Անվտանգությեան Խորհուրդի նիստին կրնան որոշում ընդունիլ Հայաստանի անդամակցությեան հարցով։ Այս մասին յայտնած է կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Թաալաթբեկ Մասատիքով։
Հոկտեմբեր 22-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած էր, որ, ի տարբերություն ԵԱՏՄ-ի, ՀԱՊԿ կանոնադրութիւնը կը նախատեսէ անդամ պետութիւնը կազմակերպութենէն հեռացնելու հնարաւորութիւն՝ հարց բարձրացնելով, թէ ինչու ՀԱՊԿ-ը չ’օգտուիր այդ հնարաւորութենէն։
ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարին խօսքով՝ ատիկա հնարաւոր է, եթէ հարցը ընդգրկուի նիստի օրակարգին վրայ։ Մասատիքով պարզաբանած է, որ նման առաջարկ սովորաբար կրնայ ներկայացնել կազմակերպութեան մէջ նախագահող պետութիւնը կամ անդամ մէկ այլ երկրի ղեկավարը։
ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը Հայաստանի փաստացի իրավիճակը կապած է կազմակերպությեան կանոնադրութեան հետ՝ նշելով, որ անդամավճարները չվճարելու եւ բաժնեմասային պաշտօնները չհամալրելու պայմաններուն մէջ ձայնի իրաւունք չկայ։
Ան միաժամանակ յայտնած է, որ Հայաստանի ներկայացուցիչը կը շարունակէ ամեն շաբաթ մասնակցիլ ՀԱՊԿ Մշտական խորհուրդի նիստերուն։
«Հայաստանի ներկայացուցիչը կը լսէ, հաւանաբար իր մայրաքաղաքին կը զեկուցէ, թէ ինչ կը քննարկենք, ինչ որոշումներ կ’ընդունինք»,- ըսած է Մասատիքով։

