Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանն Ու Ատրպէյճանը Արդէն Տէ Ֆաքթօ Խաղաղութեան Պայմաններու Մէջ Կ’ապրին․ Ամիրբեկով

Հայաստանն Ու Ատրպէյճանը Արդէն Տէ Ֆաքթօ Խաղաղութեան Պայմաններու Մէջ Կ’ապրին․ Ամիրբեկով

by MassisPost

Հայաստանն ու Ատրպէյճանը արդէն կ’ապրին տէ ֆաքթօ խաղաղութեան պայմաններու մէջ։ Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարություններու հարցով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրբեկով՝ Պրիւքսէլի Ատրպէյճանի դեսպանատան մէջ կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ։

Ամիրբեկով Պրիւքսէլ մեկնած է պելճիքացի գործընկերներու, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան (ԵՄ) եւ ՆԱԹՕ-ի ներկայացուցիչներու հետ բանակցութիւններ վարելու նպատակով։

Անոր խօսքով՝ 2025 թուականի Օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ կայացած գագաթաժողովը հիմք դրած է խաղաղութեան ամրապնդման կայուն գործընթացի համար։ Ամիրբեկով նշած է, որ ստեղծուած իրավիճակը լիարժէք եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան վերածելը Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական նպատակներէն է, եւ այդ նպատակը կը կիսէ նաեւ Հայաստանը։

Ատրպէյճանցի պաշտօնեան ներկայացուցած է նաեւ խաղաղութեան գործընթացի շրջանակին մէջ ձեռնարկուած շարք մը քայլեր։ Անոր խօսքով՝ 2025 թուականի վերջը մեկնարկած է երկկողմ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը, կը շարունակուի սահմանազատման գործընթացը, իսկ երկու երկիրներու կառավարութիւնները կանոնաւոր կապեր կը պահպանեն տարբեր մակարդակներու վրայ։ Գործընթացին մէջ ներգրաւուած են նաեւ երկու երկիրներու քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները։

Որպէս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համագործակցութեան օրինակ՝ Ամիրբեկով նշած է ատրպէյճանական տիզելային վառելանիւթի արտահանումը Հայաստան։

«Մէկ տարի առաջ սա կարող էր գիտական երեւակայութիւն թուիլ, սակայն այսօր ատիկա իրականութիւն է»,- ըսած է ան։

Ամիրբեկովի գնահատմամբ՝ երկարաժամկէտ խաղաղութիւնը փոխշահաւէտ պիտի ըլլայ բոլոր կողմերուն համար։ Անոր խօսքով՝ անկէ պիտի շահին ոչ միայն Հայաստանն ու Ատրպէյճանը, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանը եւ անոնց միջազգային գործընկերները, այդ շարքին՝ Եւրոմիութիւնն ու անոր անդամ պետութիւնները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment