Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը՝ Աշխարհի Լաւագոյն Զբօսաշրջային Ուղղութիւններու Շարքին

Հայաստանը՝ Աշխարհի Լաւագոյն Զբօսաշրջային Ուղղութիւններու Շարքին

by MassisPost

Հայաստանը աշխարհի լաւագոյն զբօսաշրջային ուղղութիւններու շարքին է։

Հեղինակաւոր National Geographic պարբերականը իր «2027 թուականի աշխարհի լաւագոյն ճամբորդական ուղղութիւնները» յօդուածին մէջ անդրադարձած է Հայաստանին։

ՀՀ Զբօսաշրջութեան կոմիտէէն կը յայտնեն, որ յօդուածը կ’ընդգծէ Հայաստանի բնութեան եւ լեռնային բնապատկերներու գրաւչութիւնը, ինչպէս նաեւ Անդրկովկասյեան արահետը, որ հնարաւորութիւն կու տայ բացայայտելու երկրին հեռաւոր անկիւնները, պատմական վանքերն ու գիւղական համայնքները։

«Անդրադարձ է կատարւում նաեւ արահետային ենթակառուցուածքների բարելաւմանն ուղղուած աշխատանքներին եւ Հայկական ազգային արահետի զարգացմանը։

Միջազգային հեղինակաւոր լրատուամիջոցների անդրադարձը նպաստում է Հայաստանի՝ որպէս բնութեան, արկածային զբօսաշրջութեան եւ քայլարշավների գրաւիչ ուղղութեան ճանաչելիութեան բարձրացմանը»,- կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment