Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Կառավարութիւնը ՀՀ ԱԺ Ուղարկած Է Հռոմի Կանոնադրութիւնը` Վաւերացման

Հայաստանի Կառավարութիւնը ՀՀ ԱԺ Ուղարկած Է Հռոմի Կանոնադրութիւնը` Վաւերացման

by MassisPost

ՀՀ կառավարութիւնը Ազգային Ժողով ուղարկած է Հռոմի Կանոնադրութիւնը` վաւերացման։ Այս մասին տեղեկութիւնը Civic.am-ի հետ զրոյցին հաստատեց ԱԺ նախագահի մամուլի խօսնակ Ծովինար Խաչատրեանը։

Կանոնադրութիւնը խորհրդարան ուղարկուած է սովորական կարգով, ինչ որ կը նշանակէ, որ ԱԺ-ն զայն պիտի քննարկէ Սեպտեմբերի վերջը կամ Հոկտեմբերի սկիզբը։ ԱԺ յառաջիկայ լիագումար նիստի օրակարգին մէջ այն պիտի չներառուի։

Յիշեցնենք, որ 2022-ի տարեվերջին ՀՀ կառավարութիւնը դիմած էր Սահմանադրական դատարան՝ Հռոմի Կանոնադրութեան ճանաչման հարցով, քանի որ, ըստ այս նախագիծի հիմնաւորման, հնարաւորութիւն կը տեսնեն Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան կանչելու:

Սահմանադրական Դատարանն ալ Սահմանադրութեան համապատասխանող ճանչցաւ 1998 թուականի Յուլիս 17-ին ստորագրուած՝ Միջազգային Քրէական Դատարանի Հռոմի Կանոնադրութեան մէջ ամրագրուած պարտաւորութիւնները։

Հռոմի Կանոնադրութեան վաւերացումէն յետոյ Հայաստանը կրնայ դիմում ներկայացնել Միջազգային Քրէական Դատարան՝ Ալիեւը միջազգային քրէական հետապնդման ենթարկելու պահանջով։ Առանց անոր շատ աւելի բարդ հոլովոյթ է, որովհետեւ այդ պարագային պէտք է ՄԱԿ Անվտանգութեան Խորհուրդով անցնի, որ գործընթացը շարունակուի։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment