Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՏՅ Վարչութեան Անդամը Յոյս Ունի, Որ Հայկական Արտադրանքի Նկատմամբ Ռուսական Սահմանափակումներու Հարցը Մօտ Ժամանակներս Կը Լուծուի

ԵՏՅ Վարչութեան Անդամը Յոյս Ունի, Որ Հայկական Արտադրանքի Նկատմամբ Ռուսական Սահմանափակումներու Հարցը Մօտ Ժամանակներս Կը Լուծուի

by MassisPost

Եւրասիական Տնտեսական Յանձնաժողովի (ԵՏՀ) տեխնիկական կարգաւորման հարցերով վարչութեան անդամ Ալեքսանտր Սուպպոթինը Հոկտեմբեր 22-ին հրաւիրած «ԵԱՏՄ շուկային մէջ արտադրանքի անվտանգութեան ապահովում» թեմայով մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտնած է, որ ԵԱՏՄ ընդհանուր շուկային մէջ հայ արտադրողներու համար խոչընդոտներու վերացման ուղղութեամբ աշխատանքը կ’ընթանայ բաւականին աշխոյժ։

Անդրադառնալով Ռուսաստանի կողմէ հայկական արտադրանքի նկատմամբ կիրառուած սահմանափակող միջոցառումներուն՝ Սուպպոթին ըսած է, որ հարցը կը քննարկուի ԵՏՅ համապատասխան բաժանմուներուն մէջ, ինչպէս նաեւ առեւտուրի ոլորտին մէջ խոչընդոտներու հարցերով պատասխանատու նախարարի հարթակին վրայ։

Սուպպոթինի հաւաստմամբ՝ հայկական կողմի խնդրանքով յանձնաժողով ներկայացուած է դիմում, որպէսզի առաւել մանրամասն եւ հիմնաւորուած քննարկուի՝ արդեօք այդ միջոցառումները ճիշ՞դ կիրառուած են։

«Մենք աշխուժօրէն կը մասնակցինք աշխատանքներուն առեւտուրի ոլորտին մէջ խոչընդոտներու հարցերով պատասխանատու նախարարի հարթակին վրայ։ Այժմ նաեւ աշխոյժ բանակցային գործընթաց կ’ընթանայ երկկողմ մակարդակով»,- ըսած է ան։

Նախարարը նշած է, որ կողմերուն դիրքորոշումները կը տարբերուին. մէկ կողմը կը փաստէ, որ միջոցառումները կիրառուած են ճիշդ, միւսը՝ որ ստուգումները իրականացուած են սխալ։ Այդուհանդերձ, Սուպպոթին յոյս յայտնած է, որ մօտակայ ժամանակներուն հարցը կը լուծուի։

«Երբեք այդպիսի բան չէ եղած, որ մենք ընդհանուր լեզու չգտնենք եւ չպայմանաւորուինք»,- ընդգծած է ան։

Ըստ անոր՝ ԵԱՏՄ մասին պայմանագիրը կը նախատեսէ բնակչութեան անվտանգութեան պաշտպանութեան նպատակով ժամանակաւոր սահմանափակող միջոցառումներ կիրառելու հնարաւորութիւն։ Պայմանագրին մէջ առկայ է համապատասխան յօդուած, որ թոյլ կու տայ նման միջոցառումներ կիրառելու մինչեւ երկիրները պարզաբանեն իրավիճակը։

Սուպպոթին յաւելած է, որ անբարեխիղճ կերպով անորակ արտադրանք թողարկողը կը հեռացուի շուկայէն, քանի որ ընդհանուր շահերէն կը բխի որակեալ եւ անվտանգ արտադրանքի օգտագործումը։

«Սակայն բարեխիղճ, պարկեշտ արտադրողները կը մնան եւ կը շարունակեն առեւտուր ընել»,- եզրափակած է նախարարը։

Յիշեցնենք, որ 2026 թուականի Յունիսէն Ռուսաստանը սահմանափակումներ դրած է Հայաստանէն բազմաթիւ ապրանքներու ներմուծման վրայ, որոնք կը շարունակուին մինչեւ օրս։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment