Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ Դիտորդական Առաքելութիւնը Նախ Հերքեց, Ապա Հաստատեց Կրակոցներու Թիրախ Դառնալու Մասին Լուրը

ԵՄ Դիտորդական Առաքելութիւնը Նախ Հերքեց, Ապա Հաստատեց Կրակոցներու Թիրախ Դառնալու Մասին Լուրը

by MassisPost

Եւրոմիութեան (ԵՄ) դիտորդական առաքելութիւնը նախ հերքեց, ապա հաստատեց Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան հաղորդագրութիւնը դիտորդներու ուղղութեամբ ատրպէյճանական կողմի բացած կրակոցներուն մասին։

«Մենք կը հաստատենք, որ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան պարեկը ներկայ գտնուած է մեր պատասխանատուութեան գօտիին մէջ տեղի ունեցած կրակոցներուն», յայտնած է առաքելութիւնը ընկերային ցանցով՝ հեռացնելով աւելի վաղ կատարած հերքումը։

Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը հաղորդած էր, որ այսօր կէսօրը անց Ատրպէյճանի զինուժը հրաձգային զէնքէն կրակ բացած է Վերին Շորժայի ուղղութեամբ պարեկութիւն իրականացնող եւրոպացի դիտորդներուն եւ անոնց պատկանող ինքնաշարժին ուղղութեամբ։

Աւելի վաղ ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը կեղծ անուանած էր այս լուրը։

Պաքուն կը հերքէ լուրը։

«Եւրոմիության դիտորդները նախապէս կը տեղեկացնեն ատրպէյճանական կողմին իրենց տեղաշարժի երթուղին, ինչպէս նաեւ ինքնաշարժներու համարանիշներն ու տեսակները։ Ատրպէյճանական բանակի ստորաբաժանումները տեղեկացուած են առաքելութեան այցերու մասին, այդ իսկ պատճառով միջադէպը, որուն մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը, տեսականօրէն եւ գործնականին մէջ հնարաւոր չէ», յայտարարած է Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը։

 

Աղբիւր՝ azatutyun.am

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment