Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Ղեկավարներու Վերջին Հանդիպումը Անցած Է Շատ Կառուցողական Մթնոլորտի Մէջ. Հաճիեւ

Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Ղեկավարներու Վերջին Հանդիպումը Անցած Է Շատ Կառուցողական Մթնոլորտի Մէջ. Հաճիեւ

by MassisPost

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու վերջին հանդիպումը անցած է շատ կառուցողական մթնոլորտի մէջ. յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ։ Ատրպէյճանական APA-ի հաղորդմամբ՝ վերջինս այդ մասին խօսած է Սեպտեմբեր 11-ին Ստեփանակերտի մէջ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին։

«Ես շատ ուրախ եմ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու վերջին հանդիպումը անցած է շատ կառուցողական մթնոլորտի մէջ։ Երկու կողմերը համաձայնած են յառաջ տանիլ խաղաղութեան օրակարգն ու երկիրներուն միջեւ ամրապանդել փոխվստահութեան մթնոլորտը»,- յայտնած է Հաճիեւ եւ նշած, որ համաձայնութիւնը կը վերաբերի նաեւ երկու երկիրներուն եւ աւելի լայն տարածաշրջանային ծիրին մէջ տնտեսական, առեւտրային եւ մշակութային յարաբերութիւններու զարգացման, այդ շարքին՝ փոխադրութեան կապերուն։

«Մենք կը սորվինք ապրիլ խաղաղութեան պայմաններու մէջ եւ կը շարժուինք այդ ուղղութեամբ։ Գիտակցեցանք, որ այդ զգացումը հնարաւոր չէ արտայայտել բառերով։ Խաղաղութիւնը նաեւ տեղերուն մէջ վերականգնման աշխատանքներէն կը սկսի, եւ խաղաղութիւնը միայն հակամարտութեան բացակայութիւնը չէ»,- յայտնած է Հաճիեւ։

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներ Նիկոլ Փաշինեանի ու Իլհամ Ալիեւը վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած է Օգոստոս 31-ին, Պիշքեքի մէջ, Շանկհայի Համագործակցութեան Կազմակերպութեան աշխատանքներու ընթացքին։ Բացի անկէ, կարճատեւ շփումներ տեղի ունեցած են երկու պատուիրակութիւններու առանձին բարձրաստիճան պաշտօնեաներու միջեւ։

Օրերս Երեւանն ու Պաքուն յայտարարած են երկու երկիրներու արտաքին գործերու նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի յառաջիկայ հանդիպման մասին։ Հնարաւոր հանդիպումը երկու արտաքին գործերու նախարարներուն միջեւ առաջին պաշտօնական բանակցութիւնները պիտի դառնան Յունիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընրութիւններէն յետոյ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment