Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարդան Օսկանեանի Բանակցող Դառնալու Յաւակնութիւնները

Վարդան Օսկանեանի Բանակցող Դառնալու Յաւակնութիւնները

by MassisPost

Նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան վերջին օրերուն  հանդէս կու գայ յայտարարութիւններով, առաջարկելով որպէսզի իրեն տրուի լիազօրութիւն` Ատրպէյճանի եւ միջազգային կառոյցներու հետ Հայաստանի անունով բանակցութիւններ վարելու` խոստանալով բեկում մտցնել գործընթացքին մէջ:

«Առաջին պայման. որ լիազօրութիւն տրուի մի խումբ դիւանագէտների, եւ ես պատասխանատուութիւն վերցնում են այնտեղ կտրուկ` երկու-երեք ամսուայ ընթացքին իրավիճակ փոխելու, բայց այդ երկու-երեք ամսուայ ընթացքին Փաշինեանը ուղղակի պէտք է լռի, չխօսի», – ըսած է Վարդան Օսկանեան:

Այս պարզամիտ  առաջարկութեան անդրադարձան  ընկերային ցանցերու բազմաթիւ օգտատէրեր, ինչպէս նաեւ  քաղաքական  մեկնաբաներ`  առաջին հերթին յիշեցնելով Օսկանեանի անցեալի դիւանագիտական բազմաթիւ ձախողումները` որոնք նպաստեցին  Ատրպէյճանի դիրքերու կարծրացման եւ Հայաստանը հասցուցին ներկայ բանակցային կացութեան:

Օսկանեան առիթով մը ազատագրուած տարածքները կոչած էր «օքուբացուած», Քոչարեանի հետ պատրաստ էր Մեղրին յանձնել Ատրպէյճանին, բանակցած էր  ընդհանուր  պետութիւն ստեղծելու գաղափարին շուրջ, ընդունած էր Մատրիտեան սկզբունքները, որոնք  Ատրպէյճանին կու տային վեթոյի իրաւունք` Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցով, այդպիսով իսկ Արցախը զրկելով ինքնավարութիւն ձեռք ձգելու իրաւունքէն:

Այս բոլորի շուրջ բանակցած ու համաձայնութիւն տուած նախկին նախարարը կը պահանջէ լիազօրութիւն` իբրեւ թէ աւելի Հայանպաստ որոշումներ ապահովելու համար, երբ անցեալի իր ցուցանիշները  այդքան ալ փայլուն չեն եղած:

«Արցախի ինքնավար մարզ լինելը բանակցութիւններում ամրագրելը հնարաւորութիւն կտայ աւելի հայանպաստ լուծում գտնել», կ’ըսէ Օսկանեան, մոռանալով որ իր եւ Քոչարեանի «դիւանագիտութեան» շնորհիւ Լեռնային Ղարաբաղը  դուրս ձգուեցաւ բանակցութիւններէն» այդպիսով ամենէն մեծ հարուածը հասցնելով Արցախահայութեան իրաւունքներուն:

Բանակցողի հարցը արծարծողները քսան տարի ժամանակ ունէին իրագործելու իրենց ծրագիրները, երբ պայմանները որոշ չափով աւելի նպաստաւոր էին Հայաստանի համար: Անոնք չտեսնելու եկան երբ Ատրպէյճան սկսաւ զինուիլ մեծ արագութեամբ ու արտօնեցին, որ խախտուի ռազմական հաւասարակշռութիւնը` ի նպաստ թշնամիին: Այս իրավիճակը օգտագործելով ներկայիս Պաքու կը խօսի ու կը գործէ զօրաւորի դիրքերէն եւ իր համար նշանակութիւն չունի թէ, ով է իր դիմաց նստողը: Ան իր առջեւ դրած է նպատակներ ու կը փորձէ հասնիլ անոնց իրականացման, օգտագործելով նաեւ ռազմադաշտի վրայ   ունեցած ներկայ իր առաւելութիւնը: Միւս կողմէ, Հայաստան կ’աշխատի վերականգնելու իր բանակը ու  բարելաւելու իր բանակցային դիրքերը:

Օսկանեանը ոչ թէ լիազօրութիւն պէտք է պահանջէ իշխանութիւններէն, այլ այդ իրաւունքը  պահանջէ` ժողովուրդէն: Այդ ընելու համար պէտք է նախ ներկայանայ  ընտրութիւններուն ու ստանայ մանտաթ, որ ներկայիս չունի ան: Այլապէս, մեծամտութիւններն ու յաւակնութիւնները կրնան դառնալ ծիծաղի առարկայ, ոչ միայն պարզ քաղաքացիներու կողմէ, այլ եւ` միջազգային շրջանակներուն: Հայաստան պետութիւն է եւ ունի իր համապատասխան կառոյցները,  որոնց հետ է որ  կը բանակցին այլ երկիրներ:

Օսկանեան ամբարտաւանօրէն կը պահանջէ, որ Փաշինեան լռէ: Եթէ լռելու հարց կայ, ապա պէտք է լռեն բոլոր անոնք, որոնք քսան տարի զբաղած էին կողոպուտով ու այժմ կը փորձեն տարբեր ձեւերով վերադառնալ իշխանութեան, բան մը որ առայժմ չկայ Հայաստանի ժողովուրդի ապագայ ծրագիրներուն մէջ:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment