Ընդդիմադիր գործիչ Սամուէլ Կարապետեանի՝ ամիսներ առաջ սկսած
դատավարութիւնը հասաւ վկաներու հարցաքննութեան փուլ:
Կարապետեան կը մեղադրուի երկու դրուագներով’ յանցաւոր ծագում ունեցող
միջոցները օրինականացնելու, 8.5 միլիառ դրամի յափշտակութեան եւ հարկերէ
խուսափելու յօդուածներով:
Տնային կալանքի տակ գտնուող գործիչը մեղքը չ’ընդունիր, բազմիցս յայտնած է քաղաքական հետապնդման մասին։
Ամիսներ առաջ դատախազը յայտնած էր, որ Կարապետեանը ապօրինի դրամները
օրինականացնելու նպատակով Ռուսաստանի քաղաքացիներ որպէս աշխատակից
արձանագրած է: Աշխատավարձի քօղի ներքոյ այդ մարդոց հաշիւներուն փոխանցուած են
գումարներ, որոնցով Ռուսաստանի քաղաքացիները Երեւանի եւ արտերկրի մէջ
բնակարաններ գնած են: Ըստ Դատախազութեան՝ անոր հետեւանքով ծառայողական
լիազօրութիւններու օգտագործմամբ առանձնապէս խոշոր չափերով դրամի լուացում
կատարուած է:
Ըստ ծաւալուն մեղադրանքին, Կարապետեան այնպէս կատարած է, որ Հայաստանի մէջ
գործող «Կայծաղբիւր» ընկերութիւնը շուրջ 2 միլիառ դրամ հարկերը
չվճարելը, ինչպէս նաեւ «Հիդրո Ինվեստ Գրուպ», «Կայծաղբիւր», «Սօլար
պառկ», «Էներգօ Գրուպ», «Ալյանս Էներգօ» ընկերութիւններու իրաւասու
անձերու ներգրաւմամբ 2020-2023 թուականներուն կազմակերպած է այդ
ընկերություններուն մօտ 5 միլիառ դրամի յափշտակութիւնը, իսկ յետոյ
օրինականացուցած է յանցաւոր ծագում ունեցող առանձնապէս խոշոր չափերով
գոյքը: Նաեւ այդ ընկերութիւններու միջոցով օրինականացուցած է խոշոր չափերով
գումարներ: Անոր հետ մեղադրեալի աթոռին են նաեւ այս ընկերութիւններուն
ղեկավարները:
Մէկ այլ դրուագով ալ, Սամուէլ Կարապետեանը ՀԷՑ-ի տնօրէնին ու միւս ղեկավար
անձերու ներգրաւմամբ Արցախի Քաշաթաղի շրջանին մէջ ջրաելեկտրակայաններ
կառուցելու նպատակով «Արցախ Էներգօ» ընկերութեան տնօրէն Անդրանիկ
Խաչատրեանի միջոցով 2017 թուականի Ապրիլ 4-ին հիմնադրած է «Էներգօ Գրուպ»
ընկերութիւնը: Այդ ջրաելեկտրակայանները կառուցելու նպատակով
Հայաստանի դրամատուներէն վարկեր ստանալու համար 2017 թուականին հիմնադրած են
«Կայծաղբիւր» ընկերութիւնը:
Այս ընկերութիւնը միլիոնաւոր դրամներու վարկեր ստացած է, Պուլկարիայէն
ներմուծած է գերարագ ելեկտրածին կայաններ, որոնք շահագործման
յանձնուած են 2019 թուականի վերջը: Արցախի հայաթափումէն յետոյ անոնք
տեղափոխուած են Հայաստան:
Պատերազմէն վնաս կրելէ յետոյ Արցախի կառավարութիւնը աջակցած է այդ
վարկերը մարելու հարցին, ներուած են ամբողջ պարտաւորութիւնները:

