Home Uncategorized Ազատ Եւ Բաց Տարանցումը Լաչինի Միջանցքով Պէտք Է Անյապաղ Վերականգնուի. ԱՄՆ Դեսպանատուն

Ազատ Եւ Բաց Տարանցումը Լաչինի Միջանցքով Պէտք Է Անյապաղ Վերականգնուի. ԱՄՆ Դեսպանատուն

by MassisPost

Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շարունակուող շրջափակումը խորապէս կը մտահոգէ Միացեալ Նահանգները, յայտարարած է ԱՄՆ դեսպանատունը՝ պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին:

«Ազատութիւն»ը մասնաւորապէս հետաքրքրուած է՝ «Ատրպէյճանը կրկին արգելափակած է Լեռնային Ղարաբաղէն բժշկական տարհանումները՝ արգիլելով Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին անցնիլ Հաքարիի կամուրջով։ Ինչպիսի՞ն է Միացեալ Նահանգների դիրքորոշումը Պաքուի այս քայլին վերաբերեալ»։

«Մարդասիրական երթեւեկությեան երէկուան կասեցումը աւելի կը սրէ վատթարացող մարդասիրական իրավիճակը եւ կը վտանգէ խաղաղութեան գործընթացին մէջ վստահութիւն ձեւաւորելու ջանքերը։ Ազատ եւ բաց տարանցումը Լաչինի միջանցքով պէտք է անյապաղ վերականգնուի», պատասխանած է ԱՄՆ դեսպանատունը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment