Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Իշխանութեան Հետ Ձեռք Բերուած Է Պայմանաւորուածութիւն, Որ Եթէ 2 Օրուան Մէջ Միջանցքը Չբացուեցաւ, Ապա Արցախի Ամբողջ՝ 120 Հազար Ժողովուրդը Դուրս Պիտի Գայ Փողոց․ Արթուր Օսիպեան

Արցախի Իշխանութեան Հետ Ձեռք Բերուած Է Պայմանաւորուածութիւն, Որ Եթէ 2 Օրուան Մէջ Միջանցքը Չբացուեցաւ, Ապա Արցախի Ամբողջ՝ 120 Հազար Ժողովուրդը Դուրս Պիտի Գայ Փողոց․ Արթուր Օսիպեան

by MassisPost

Միջանցքի ապաշրջափակման ժողովրդական շարժման շտաբի անդամներն ու անոնց միացած բազմաթիւ քաղաքացիներ քայլերթով շարժած են դէպի Արցախի կառավարութիւն՝ ակնկալելով ստանալ իրենց յուզող շարք մը հարցերու պատասխանը, մասնաւորապէս, թէ ինչպէս պիտի  հանգուցալուծուի արդէն 7 ամիսէ երկարող շրջափակումը, ինչպէս պիտի  յաղթահարուի ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը։  Իշխանութեան ներկայացուցիչները հանդիպած են շարժումի մասնակիցներուն։

Արցախի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան այնուհետեւ հանդիպած է կառավարական շէնքին առջեւ  հաւաքուածներուն եւ որոշ մանրամասնութիւններ  յայտնած։  Արցախի նախագահին հետ տեղի ունեցած քննարկման ժամանակ, ըստ Ներսիսեանի, նշուած է, որ Յուլիս 14-15-ին կը սպասուի եռակողմ հանդիպում, որմէ կ’ակնկալեն յստակ որոշում՝ միջանցքը ապաշրջափակելու եւ Արցախի ժողովուրդին դէմ իրականացուող գործողութիւններուն հետ կապուած։  Առաջարկուած է սպասել մինչեւ այդ եւ այնուհետեւ, ըստ իրավիճակին, ընել համապատասխան քայլեր։ «Բոլորս հասկանում ենք, որ համաժողովրդական շարժումն է իրավիճակից դուրս գալու միակ ելքը», նշած է նախարարը՝ յաւելելով, թէ այդ ժամանակ արդէն բոլոր արցախցիները  միասնաբար՝ առանց տարբերակման՝ պաշտօնատար անձ, պետական ծառայող, թէ շարքային քաղաքացի, պիտի միանան շարժումին։

«Արցախի յեղափոխական կուսակցութեան» առաջնորդ Արթուր Օսիպեան յայտնած է, որ իշխանութեան հետ ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն, որ եթէ երկու օրուան մէջ միջանցքը չբացուեցաւ, ապա Արցախի ամբողջ՝ 120 հազար ժողովուրդը դուրս պիտի գայ փողոց։  Օսիպեան յորդորած է հաւաքուածներուն հետեւիլ Միջանցքի ապաշրջափակման ժողովրդական շարժման շտաբի իրազեկումներուն, եւ եթէ յայտարարուի համաժողովրդական շարժման մասին, ապա աշխոյժ մասնակցութիւն ցուցաբերել։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment