Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ստեփանակերտի Մէջ Ակնկալիքները, Որ Եղած Են Ռուս Խաղաղապահներու Մասով, Չեն Արդարանար․ ՀՀ ԱԽ Քարտուղար

Ստեփանակերտի Մէջ Ակնկալիքները, Որ Եղած Են Ռուս Խաղաղապահներու Մասով, Չեն Արդարանար․ ՀՀ ԱԽ Քարտուղար

by MassisPost

Երեւանը բարձր կը գնահատէ Ուաշինկթընի գործադրած ջանքերը հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւնները յառաջ մղելու հարցով, «Ամերիկայի Ձայն»ին ըսած է Արմէն Գրիգորեանը, որ Ուաշինկթըն կատարած իր այցի ծիրին մէջ հանդիպած է Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվանի եւ այլ պաշտօնեաներու հետ:

ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվանի ու ՀՀ ԱԽ քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հանդիպման ընթացքին, ըստ հայկական կողմին տեղեկատուութեան, քննարկուած են տարածաշրջանային եւ աւելի լայն արտատարածաշրջանային անվտանգային իրավիճակն ու մարտահրաւէրները: Անդրադարձ եղած է նաեւ երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերուն՝ մասնաւորապէս, երկկողմ համագործակցութեան զարգացման՝ ուժանիւթի, տնտեսութեան եւ ժողովրդավարութեան ծիրին մէջ:

«Ամերիկայի Ձայն»ի հայկական ծառայութեան հետ զրոյցին, խօսելով Ուաշինկթըն կատարած իր այցին մասին, ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը ընդգծած է, որ այցը կը կրէ հիմնականին մէջ երկկողմանի բնոյթ ու ընդգրկած է Հայաստանի ու Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններու լայն շրջանակ: Անոր խօսքով, առկայ է լաւ հնարաւորութիւն այս յարաբերութիւնները խորացնելու ու նոր թեմաներ ընդգրկելու համար: «Ժողովրդավարութիւնն ու տարածաշրջանի նկատմամբ ԱՄՆ հետաքրքրութիւնը մեծ դաշտ են բացում այդ համագործակցութեան համար: Անվտանգութիւնը, տնտեսութիւնը, ուժանիւթը օրակարգային հարցեր են, որոնք քննարկել ենք ու քննարկելու ենք մօտ օրերս՝ հասկանալու, թէ ինչպէս կարող ենք ընդլայնել [յարաբերութիւնները]»:

Պատասխանելով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւներուն վերաբերեալ հարցումին ՝ Գրիգորեան շեշտած է, որ բոլոր բանակցութիւնները փոխլրացնող են, եւ բոլոր տեղերուն մէջ օրակարգը գրեթէ նոյնն է: Ան ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներու ներգրաւուածությունը տարածաշրջանին մէջ կ’օգնէ ապահովել կայունութիւն, իսկ Երեւանը չափազանց բարձր կը գնահատէ Ուաշինկթընի ջանքերը բանակցութիւնները յառաջ մղելու հարցով: «Ի հարկէ, կան խնդիրներ, որոնք դեռ լուծուած չեն, բայց կարող եմ յստակ ասել, որ Երեւանը հաստատակամ է խաղաղութեան օրակարգի հարցում եւ հետաքրքրուած է, որ հնարաւորինս արագ կայուն խաղաղութեան պայամանգիր կնքելու հնարաւորութուն ստեղծուի, որովհետեւ տարածաշրջանում կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը բնականաբար օգնելու է Հայաստանի ինքնիշխանութեանը, անկախութեանը եւ պաշտպանելու է նաեւ Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը»:

Ըստ Արմէն Գրիգորեանի՝ բանակցային գործընթացին մէջ առկայ են բազմաթիւ խնդիրներ, որոնք տակաւին չեն գտած իրենց լուծումները: Ամենակարեւոր խնդիրներէն մէկն է, ըստ անոր, սահմաններու յստակացման հարցը 1975 թուականի ԽՍՀՄ Գլխաւոր շտաբի քարտէզի հիման վրայ: Քարտէզին վերաբերեալ տակաւին չկայ վերջնական համաձայնութիւն, բայց այս ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին, նշած է Գրիգորեան: Բացի անկէ, ըստ անոր, անհրաժեշտ է ստեղծել միջազգային մեխանիզմներ, որպէսզի «Ստեփանակերտն ու Պաքուն քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն անվտանգութիւնն ու իրաւունքները»: Ան յոյս յայտնած է, որ միջազգային հանրութիւնը աւելի մեծ ջանքեր կը գործադրէ այս ուղղութեամբ:

Գրիգորեանի խօսքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը երբեք չէ հանդիսացած տարածքային, եւ այն հասկացողութիւնը, որունէ շուրջ երկար ժամանակէ կ’ընթանան բանակցութիւնները՝ այսինքն՝ ԼՂ-ի մէջ ապրող հայերու անվտանգութիւնն ու իրաւունքները, կը վերաբերին ոչ թէ տարածքներուն, այլ մարդոց եւ անոնց իրաւունքներուն ու անվտանգութեան: «Հայաստանը ճանաչում է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Գործնականում էլ դա այդպէս է: Եւ միակ քննարկումը, որ մենք ցանկանում ենք, որ տեղի ունենայ, դա, ինչպէս նշեցի, Ստեփանակերտի ու Պաքուի միջեւ քննարկումներն են Լեռնային Ղարաբաղում ապրող հայերի անվտանգութեան եւ իրաւունքների վերաբերեալ: Եւ այս առումով, կարծում եմ, եթէ յառաջընթաց գրանցուի, տարածքային որեւէ խնդիր չի եղել եւ չի էլ լինի»:

Արմէն Գրիգորեանը այդ բանակցութիւնները կը դիտարկէ որպէս միակ արդիւնաւէտ տարբերակ՝ ԼՂ հիմնախնդիրի հիմնական կէտերը երկարաժամկէտի մէջ հասցէագրելու համար: «Կարծում եմ, որ առկայ է միջազգային մեխանիզմ ստեղծելու հնարաւորութիւն: Անհրաժեշտ է աւելի մեծ ջանքերի գործադրում միջազգային հանրութեան, Ստեփանակերտի ու Պաքուի կողմից, որպէսզի կայանայ այդ միջազգային մեխանիզմը, քանի որ միջազգային մեխանիզմը միակ տարբերակն է, որ կայունութիւն լինի տարածաշրջանում եւ միջազգային հանրութիւնը ներգրաւուած լինի հակամարտութեան յաղթահարմանը: Դժուար եմ պատկերացնում առանց միջազգային հանրութեան ներգրաւման հակամարտութեան յաղթահարումը»:

Ըստ հայ բարձրաստիճան պաշտօնեային՝ միջազգային մեխանիզմներ ըսելով առաջին հերթին՝ Երեւանը կը պատկերացնէ «բանակցութիւններ, որոնք տեղի կ’ունենան Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ եւ որուն ներկայ է միջազգային հանրութիւնը»: Միջազգային հանրութեան ներկայութիւնը այդ բանակցութիւններուն արդէն իսկ միջազգային մեխանիզմի տրամաբանութիւնն է: Լեռնային Ղարաբաղին վերաբերող հարցերը պէտք է քննարկուին այդ սեղանին շուրջ, կը պնդէ Գրիգորեանը: «Լաչինի միջանցքում եւ Լեռնային Ղարաբաղում միջազգային ներկայութիւնն այս առումով շատ արդիւնաւէտ կը լինի, որովհետեւ անվտանգութիւնն ու երաշխիքների ստեղծումն առանց միջազգային ներկայութեան շատ դժուար կը լինի»:

Արմէն Գրիգորեան ընդգծած է, որ վերջին շրջանին կ’ընթանան աշխոյժ բանակցութիւններ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ Ուաշինկթընի, Պրիւքսէլի եւ Մոսկուայի մէջ: «Բոլոր ուղղութիւններով աշխատանքները տարւում են»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment