Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խաղաղութեան Պայմանագրին Բնագիրը Դեռ Պատրաստ Չէ Ստորագրման. Փաշինեան

Խաղաղութեան Պայմանագրին Բնագիրը Դեռ Պատրաստ Չէ Ստորագրման. Փաշինեան

by MassisPost

«Որքան էլ այսօրուայ իրերի դրութիւնը դժուար է բարոյական, քաղաքական, անվտանգային, զգացական առումներով, խաղաղութեան օրակարգի իրացումը այլընտրանք չունի», կառավարութեան հերթական նիստին ընթացքին յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ յաւելեց, որ ԼՂ հայութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պետք է հասցէագրուին Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան միջազգային մեխանիզմներու շրջանակներուն մէջ, իսկ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պէտք է ստորագրուի խաղաղութեան պայմանագիր:

Վարչապետին խօսքով՝ Ուաշինկթընի մէջ վերջերս տեղի ունեցած Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուած յառաջընթացը շօշափելի չէ, բայց որոշակի յառաջընթաց կայ:

«Յսռաջիկայում Պրիւքսէլում նախատեսւում է իմ հանդիպումը Ատրպէյճանի նախագահի հետ ԵՄ խորհուրդի նախագահի միջնորդութեմբ: Ցաւօք, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի բնագիրը դեռ պատրաստ չէ ստորագրման: Յոյս ունեմ յառաջիկայ հանդիպման ընթացքում առարկայացնել Ուաշինկթընում արձանագրուած դրականը: Բոլոր հարցերը պէտք է լուծենք դիւանագիտական ճանապարհով», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:

Հայաստանը երբեւէ ո՛չ գրաւոր, ո՛չ բանաւոր որեւէ միջանցքային պարտաւորութիւն չէ ստանձնած եւ նման որեւէ մեկնաբանութիւն երբեւէ չ’ընդունիր, յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Ատրպէյճանը Հայաստանին շարունակում է մեղադրել իր տարածքով փոխադրութեան կապի ապահովման պարտաւորութիւնները չկատարելու մէջ՝ միջանցքային ինչ-որ երկիմաստ մեկնաբանութիւններով։ Այստեղ նոյնպէս ստիպուած եմ կրկնել, որ Հայաստանը երբեւէ ոչ գրաւոր, ոչ բանաւոր որեւէ միջանցքային պարտաւորութիւն չի ստանձնել եւ նման որեւէ մեկնաբանութիւն չի ընդունի։ Որ Հայաստանը որեւէ միջանցքային պարտաւորութիւն չի ստանձնել, կարող է տեսնել իւրաքանչիւր ոք՝ կարդալով 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը», ըսաւ Փաշինեան։

Ինչ կը վերաբերի տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններուն՝ երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ներքոյ ապաշրջափակման՝ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստանը բազմիցս յայտարարած է եւ կը յայտարարէ, որ պատրաստ է անոր։

«Արդէն վաղուց Հայաստանի կառավարութեան որոշման նախագիծ է դրուած պաշտօնական շրջանառութեան, որով նախատեսւում է երեք հսկիչ-անցակէտերի հիմնադրումը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին Հայաստանի կողմից։ Այդ որոշումը չի ընդունւում Ատրպէյճանի կործանարար մօտեցման պատճառով, որը նմանատիպ գործընթաց անգամ չի էլ նախաձեռնել եւ չի ցանկանում ճանապարհ տրամադրել Հայաստանին։

Այսինքն՝  տրամաբանութիւնն այն է, որ նոյն որոշումը պէտք է նաեւ Ատրպէյճանը կայացնի, որպէսզի եւ Հայաստանի կողմից, եւ Ատրպէյճանի կողմից լինեն այդ անցակէտերը, որպէսզի տարածաշրջանային եւ ճանապարհային ենթակառուցուածքներն ապաշրջափակուեն։

Ատրպէյճանը չի անում սա եւ Ատրպէյճանի մօտեցումը այդպիսին է, որովհետեւ նա չի հրաժարուել Հայաստանի Հանրապետութեանը շրջափակման ենթարկելու իր 30-ամեայ քաղաքականութիւնից», եզրափակեց Փաշինեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment