Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սումգայիթի Դատարանը Առեւանգուած Հայ Զինուորները Դատապարտեց 11,5 Տարուան Բանտարկութեան

Սումգայիթի Դատարանը Առեւանգուած Հայ Զինուորները Դատապարտեց 11,5 Տարուան Բանտարկութեան

by MassisPost

Սումգայիթի Ծանր Յանցագործութիւններու Դատարանը 11,5 տարուան բանտարկութեան դատապարտեց պայմանագրային զինուոր Յարութիւն Յովակիմեանին ու ժամկէտային Կարէն Ղազարեանին։ Ատրպէյճանը անոնց մեղաւոր ճանչցաւ սադրանքի փորձի, Ատրպէյճանի մէջ ահաբեկչութիւն նախապատրաստելու եւ այլ ծանր յանցագործութիւններու համար։ Մինչդեռ, ըստ հայկական կողմին, 2 հայ զինուորները առեւանգուած են ատրպէյճանական սադրիչներու կողմէ Շիկահողի դիրքեր ջուր ու սնունդ տանելու ժամանակ։

Յուլիս 3-ին մեկնարկած դատավարութիւնը ընդամէնը քանի մը օր տեւած է, հայաստանցի իրաւապաշտապանները գործընթացը բեմադրութիւն կը համարեն։

Երեւանը կը յայտարարէ հայ զինուորներու առեւանգման մասին, Պաքուն ահաբեկչութեան յօդուածով քրէական գործ յարուցած է անոնց դէմ:

«Դատական գործողութիւնը առ ոչինչ է, ընդամէնը զարդարանք է, ծիսակատարութեան է նման, ուղղակի շղարշ ստեղծելու նպատակ էր հետապնդում՝ նրանց անազատութեան մէջ պահելու օրինականութեան», ըսաւ իրաւապաշտպան Արտակ Զեյնալեանը:

Տասնեակ հայ ռազմագերիներու շահերը ներկայացուցած Արտակ Զէյնալեան կ’ընդգծէ, որ Ատրպէյճանի մէջ հայ զինուորներու նկատմամբ այսպիսի դատավարություններու ժամանակ չեն ապահովուիր արդարադատութեան ամենահիմնարար սկզբունքները:

«Պահպանուած չեն Ատրպէյճանի կողմից ազատազրկուած զինծառայողների արդար դատաքննութեան իրաւունքի հիմնարար սկզբունքները», նշեց Զէյնալեան:

Երկու հայ զինուորներուն առեւանգումն ու բանտարկութիւնը կը յաջորդէ Ապրիլին Նախիջեւանէն Սիւնիքի մարզ ատրպէյճանցի 2 զինուորներու ներթափանցման։ Անոնցմէ Հիւսէյն Ախունտովը արդէն 20 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած է կապանցի տղամարդու սպանութեան համար, իսկ միւս ատրպէյճանցին՝ Ակշին Պապիրովը բանտարկուած է 11 տարիով՝ զէնքով Հայաստանի տարածքը ապօրինի հատելու յօդուածով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment