Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Բանակցութիւններու Դադրեցումը Ներկայիս Ո’չ Նպատակայարմար

Բանակցութիւններու Դադրեցումը Ներկայիս Ո’չ Նպատակայարմար

by MassisPost

Ատրպէյճանի հերթական սադրանքին հետեւանքով  Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի չորս զինուորներ կորսնցուցին իրենց կեանքը`  յուզմունք եւ ցասում յառաջացնելով Հայութեան մօտ: Այս դէպքի ազդեցութեան տակ Արցախի Խորհրդարանը Հայաստանի պատուիրակութենէն պահանջեց դադրեցնել բանակցութիւնները, որոնք Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ կÿընթանային Ուաշինկթընի Մէջ:

«Հակառակ պարագայում` բանակցութիւնների շարունակումը կը նշանակի ատրպէյճանական կողմի յարձակողական պահուածքի խրախուսում եւ միջազգային մակարդակով արտօնութիւն»,  ըսուած է Խորհրդարանի յայտարարութեան մէջ:

Հասկնալի է պատգամաւորներու հոգեկան վիճակը, որուն ազդեցութեան տակ գրուած է սոյն յայտարարութիւնը: Եօթը ամիսէ շրջափակման մէջ, մարդասիրական առաւել խորացող տագնապ, միջազգային անտարբերութիւն. այս բոլորը բնականաբար կ’ազդեն իւրաքանչիւր Հայու եւ յատկապէս Արցախցու սառն մտածելու կարողութեան վրայ: Սակայն, ինչ որ ալ  ըլլան պարագաները պէտք չէ շարժիլ ու գործել յուզումնային պահերու ազդեցութեան տակ` առիթ չտալով, որպէսզի  Ատրպէյճան  գործադրութեան դնէ իր ոչ թաքուն նպատակները:

Բոլորիս համար պարզ է որ, Պաքուի իշխանութիւնները իրենց ամէնօրեայ սպառնալիքներով ու սադրանքներով կը փորձեն հող պատրաստել` Արցախի ու Հայաստանի դէմ ռազմական գործողութիւններու դիմելու համար: Տակաւին վերջերս թշնամի երկրի պաշտպանութեան նախարարը կը յայտարարէր` «մեծ ջանքեր չեն պահանջուիր զինաթափելու Ղարաբաղի մէջ մնացած ապօրինի ռազմական խմբաւորումները»: Արցախ-Ատրպէյճան սահմանին վրայ տեղի ունեցող ռազմական գործողութիւնները հող կը պատրաստեն լայնածաւալ յարձակման համար: Ներկայիս Ատրպէյճանը զսպող միակ ազդակը շարունակուող  բանակցութիւններն են, ըլլան անոնք ուաշինկթընեան, պրիւսքէլեան եւ կամ մոսկովեան:

Յատկապէս Ուաշինկթըն եւ Պրիւքսէլ բացայայտ կը խօսին Արցախահայութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան մասին: Նոյնպէս Մոսկուան կը պահանջէ Լաչինի միջանցքի բացումը: Հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու առկախումը միջազգային այս երեք կարեւոր կեդրոններուն կողմէ պիտի ընկալուին որպէս իրենց ջանքերը ձախողցնելու ուղղուած քայլ ու  ազատ պիտի արձակուին Ալիեւներու ձեռքերը:

Այս բանակցութիւնները կարեւոր են նաեւ ժամանակ շահելու առումով: Գաղտնիք չէ որ, ներկայիս Հայաստան պատրաստ չէ լայնածաւալ պատերազմի: Սակայն ընթացքի մէջ են բանակը արդիական զինատեսակներով օժտելու աշխատանքները եւ ռազմավարական նոր հայեցակարգ որդեգրելու  ծրագիրները :

Վերջին տասնամեակներուն, նախկին իշխանութիւններու անտարբերութեան պատճառաւ,  խախտուեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմական հաւասարակշռութիւնը: Զայն վերականգնելը  կը կարօտի ֆինանսական միջոցներու ու ժամանակի: Ներկայ կառավարութիւնը վճռած է կատարել նիւթական անհրաժեշտ յատկացումները, իսկ ժամանակի հարցը պիտի լուծուի` բանակցութիւնները շարունակելու միջոցաւ:

Մեր նպատակը Արցախի Խորհրդարանի պատգամաւորներու յայտարարութիւնը քննադատելը չէ, պարզապէս հարցերուն պէտք է մօտենալ աւելի սառնասրտութեամբ եւ նայիլ  իրենց աւելի լայն պարունակին մէջ, մինչեւ որ ստեղծուին աւելի նպաստաւոր պայմաններ` բանակցութիւններու սառեցումը որպէս միջոց օգտագործելու համար:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment