Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԱՄՆ-ին Կը Մտահոգէ Լաչինի Միջանցքին Անցակէտի Տեղադրումը. Պլինքընը` Ալիեւին

ԱՄՆ-ին Կը Մտահոգէ Լաչինի Միջանցքին Անցակէտի Տեղադրումը. Պլինքընը` Ալիեւին

by MassisPost

ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հեռախօսազրոյցին ընթացքին ընդգծած է Լաչինի միջանցքի բացման կարեւորութիւնը առեւտրային եւ մասնաւոր փոխադրութեան միջոցներու համար: Այս մասին կը հաղորդուի Պետական Քարտուղարութեան կայքին մէջ:

«Պետական քարտուղարը յայտնած է ԱՄՆ-ի խոր մտահոգութիւնը` կապուած Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին հսկիչ-անցագրային կէտ տեղադրելու հետ: Ան նշած է, որ այդ կը խաթարէ խաղաղութեան գործընթացին վստահութիւն հաստատելու ջանքերը», կ’ըսուի գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Պլինքըն ընդգծած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն կարեւորութիւնը եւ խոստացած է ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment