Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Փաշինեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած է Էնթընի Պլինքընի Հետ

Վարչապետ Փաշինեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած է Էնթընի Պլինքընի Հետ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ:

Զրուցակիցները անդրադարձած են տարածաշրջանին մէջ հաստատուած ռազմաքաղաքական եւ մարդասիրական իրադրութեան:

Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է, որ Լաչինի միջանցքին ատրպէյճանական կողմին քայլերը միտուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտումներ իրականացնելու եւ Լեռնային Ղարաբաղը ամբողջութեամբ հայաթափելու իր քաղաքականութեան հետեւողական իրագործման: Վարչապետը շեշտած է Ատրպէյճանի կողմէ տարածաշրջանային անվտանգութիւնը խարխլող գործողութիւններուն միջազգային հանրութեան համարժէք արձագանգի կարեւորութիւնը եւ գործուն քայլերու ձեռնարկումը` Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի վճիռի անվերապահ կատարման ուղղութեամբ:

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացին, այդ շարքին` Ուաշինկթընի մէջ օրերս կայանալիք քննարկումներուն շուրջ:

Կողմերը կարեւորած են տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան ապահովման ուղղութեամբ հետեւողական ջանքերը:

Անդրադարձ կատարուած է մարդասիրական բնոյթի այլ հարցերու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment