Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանցիները Տեղադրուած Անցակէտին Վրայ Արցախցիներուն Ստիպած Են Կատարել Իրենց Պահանջները

Ատրպէյճանցիները Տեղադրուած Անցակէտին Վրայ Արցախցիներուն Ստիպած Են Կատարել Իրենց Պահանջները

by MassisPost

Արցախի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան տեղեկացուցած է, որ Արցախ-Հայաստան սահմանագիծին Ապրիլ 23-էն ապօրինի անցակէտ տեղակայելու պատճառով, լիակատար ու երկկողմանի շրջափակման մէջ գտնուող գիւղերու բնակիչներու հրատապ մարդասիրական խնդիրները լուծելու համար խումբ մը բնակիչներ դիմած են այնտեղ ծառայութիւն իրականացնող ռուս խաղաղապահներուն, որոնց կողմէ թոյլատրուած է առանց զննութեան մասնաւոր ինքնաշարժներով անցնիլ Հաքարիի կամուրջին մօտ տեղադրուած անցակէտով` նախապէս հաւաստիացնելով, որ ատրպէյճանցիներու կողմէ որեւէ հսկողական միջամտութիւն պիտի չըլլայ:

«Մեր քաղաքացիները խաղաղապահների աջակցութեամբ միակողմանի ու անխափան կերպով անցել են ճանապարհը, սակայն անցակէտի տեղադրման պատճառով Գորիսում մնացած հայրենակիցների հետ իրենց բնակավայր վերադարձի ճանապարհին անցակէտում նրանք հանդիպել են ատրպէյճանցիների: Վերջիններս, մեր քաղաքացիներին դնելով անելանելի վիճակում, ստիպել են կատարել իրենց պահանջները, տեսանկարահանել այդ գործընթացը», ըսուած է Արցախի պետական նախարարի գրառման մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment