Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Բնապահպան Ներկայացող Ատրպէյճանցիները Կը Յայտարարեն Շարժումը Դադրեցնելու Մասին

Բնապահպան Ներկայացող Ատրպէյճանցիները Կը Յայտարարեն Շարժումը Դադրեցնելու Մասին

by MassisPost

Բնապահպան ներկայացող ատրպէյճանցիները կը յայտարարեն Շուշի-Քարին տակ խաչմերուկին վրայ շարժումները ժամանակաւորապէս դադրեցնելու մասին, հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Ատրպէյճանցիներու խումբը 138 օր է բնապահպանական պահանջներով փակած է Լաչինի միջանցքը, ինչի հետեւանքով Արցախը յայտնուած է շրջափակման մէջ:

APA գործակալութեան փոխանցմամբ` Ատրպէյճանի նախագահին յատուկ ներկայացուցիչը Շուշիի մէջ հանդիպման հրաւիրած է «բնապահպանները» եւ յայտնած է, որ «Ապրիլ 23-ին նոր իրավիճակ ստեղծուած է` կապուած Պետական սահմանային ծառայութեան ստորաբաժանումներուն կողմէ Ատրպէյճանի ինքնիշխան տարածքին անցակէտի տեղադրման հետ»: Աղբիւրին փոխանցմամբ` պաշտօնեան խնդրած է դադրեցնել շարժումը:

Տակաւին յստակ չէ, թէ ատրպէյճանցիներուն կողմէ շարժումը դադրեցնելէ յետոյ ճանապարհը պիտի բացուի՞, այնտեղ տեղադրուած արգելապատնէշները պիտի հեռացուի՞ն:

Պաշտօնական Ստեփանակերտը եւս դեռ չէ մեկնաբանած այս տեղեկութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment