Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Աշխատանքներ Կը Տանինք Որոշ Հատուածներու Մէջ Հակառակորդին Նկատմամբ Առաւելութիւն Ստանալու Համար․ ԳՇ Պետ

Աշխատանքներ Կը Տանինք Որոշ Հատուածներու Մէջ Հակառակորդին Նկատմամբ Առաւելութիւն Ստանալու Համար․ ԳՇ Պետ

by MassisPost

Հայաստանի Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբի պետ Էտուարտ Ասրեանը իրավիճակը հայ-ատրպէյճանական սահմանին կը գնահատէ յարաբերական կայուն, թէեւ կը նկատէ, որ Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի ուղղութիւններով հակառակորդին կողմէ զինադադարի խախտումներ կ’արձանագրուին:

«Զինադադարի խախտումների նպատակը իրավիճակը միշտ լարուած պահելն է, սակայն իրավիճակը մեր հսկողութեան տակ է», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով ԵՄ դիտորդներուն հետ համագործակցութեան մասին հարցումին` ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ պետը նշեց, որ բարձր կը գնահատէ անոնց հետ համագործակցութիւնը, բոլոր յառաջացած հարցերը կը լուծուին պատշաճ մակարդակով: «Մենք առաջին հերթին ստանձնում ենք նրանց ռազմական անվտանգութեան ապահովումը, ինչպէս տեղանքում աշխատելու, այնպէս էլ երթեւեկութիւնների ժամանակ: Նաեւ մեր առջեւ դրուած միւս հարցերի շուրջ փոխգործակցում ենք, համագործակցութիւնը գնահատում եմ բարձր: Ես նաեւ կարող եմ ասել, որ իրենք իրենց առջեւ դրուած խնդիրը կատարում են», ընդգծեց Ասրեան:

Խօսելով Տեղ գիւղի հատուածին մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին` Էտուարտ Ասրեանը նշեց, որ Տեղի ուղղութեամբ ՀՀ զինուած ուժերը հակառակորդին հետ արդէն իսկ կը գտնուին շփման պայմաններու մէջ, ունին նաեւ ստեղծած առաջնագիծ, դիրքային համակարգը կը կատարելագործեն: «Օր-օրի իրականացնում ենք համապատասխան աշխատանքներ որոշ ուղղութիւններում հակառակորդի նկատմամբ նաեւ առաւելութիւն ստանալու ուղղութեամբ: Միւս հատուածներում զինուած ուժերը իրենց առջեւ դրուած խնդիրները կատարում են», ըսաւ ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ պետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment