Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լաչինի Միջանցքի Նոր Կարգաւորման Բանակցութիւններուն Երեւանը Չի Պատրաստուիր Ներգրաւուելու․ Միրզոյեան

Լաչինի Միջանցքի Նոր Կարգաւորման Բանակցութիւններուն Երեւանը Չի Պատրաստուիր Ներգրաւուելու․ Միրզոյեան

by MassisPost

«Լաչինի միջանցքում սահմանակէտեր դնելու վերաբերեալ ատրպէյճանական կողմից հրապարակային պահանջներ կամ առաջարկներ, դժուար է տարբերակում անել, հնչել են, Երեւանը չի պատրաստւում ներգրաւուել այդ առաջարկների քննարկման մէջ», Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարար Քաթրին Քոլոննայի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ, «Ազատութեան» հարցին ի պատասխան, ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը:

Նախօրէին Պաքուի մէջ, Քաթրին Քոլոննայի հետ հանդիպման ժամանակ, Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով ըսած էր, թէ «ատրպէյճանական կողմի առաջարկներէն մէկը Լաչինի ճանապարհին թափանցիկ վերահսկողութեան կարգի ներդրումն էր: Սակայն Հայաստանը հրաժարած է զուգահեռ վերահսկողութեան առաջարկէն: Այդ պատճառով Լաչինի ճանապարհին թափանցիկ հսկողութիւն ապահովելու նպատակով Ատրպէյճանը Ապրիլ 23-ին քայլերու ձեռնարկած է մուտքի վերահսկման գործառոյթները իրականացնելու ուղղութեամբ»:

Միրզոյեան շեշտեց, որ Լաչինի վերաբերեալ բանակցութիւն տեղի ունեցած եւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ, նոր կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններուն մէջ, Լաչինի միջանցքի կարգին վերաբերեալ, Հայաստանը երբեք չէ պատրաստուած եւ չի պատրաստուիր ներգրաւուելու:

«Աւելին` մենք կարծում են, որ բոլոր ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւնները, եւ սա վերաբերւում է ոչ միայն Լաչինի միջանցքի շուրջ եղած պայմանաւորուածութեանը, պէտք է անխափան կերպով եւ հետեւողականօրէն կարգաւորուեն, որպէսզի հնարաւոր լինի Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնների համընդհանուր կարգաւորման գործընթացում աւելի լուրջ ձեռքբերումներ ունենալ», ըսաւ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը:

Այն, ինչ Ատրպէյճանը ըրած է եւ կը  շարունակէ ընել Լաչինի մէջ, բացարձակապէս ապօրինի է, յայտնեց Միրզոյեան` վկայակոչելով Արդարադատութեան դատարանի Փետրուարի 22-ի վճիռը Ատրպէյճանի դէմ:

Ատրպէյճանը Ապրիլ 23-ին փակեց Հայաստանը Արցախին կապող Հաքարիի կամուրջը, որ Լաչինի միջանցքին է`ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան գօտիին մէջ: Պաքուէն յայտնեցին, թէ նոր անցակէտ տեղադրած են` պարզաբանելով` «անվտանգութեան նկատառումներր ելլելով»: Փաստացի, Պաքուի այս քայլին հետեւանքով Արցախի 4 գիւղեր յայտնուած են լիակատար շրջափակման մէջ: Հայաստանը ՄԱԿ-ի դատարանին ծանուցած է Ատրպէյճանի հերթական խախտման մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment