Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՌԴ-ն Կասկածի Տակ Չի Դներ Հայաստանի Ինքնիշխան Իրաւունքը. Զախարովա Անդրադարձած Է ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի Դուրս Գալու Հաւանականութեան Հարցին

ՌԴ-ն Կասկածի Տակ Չի Դներ Հայաստանի Ինքնիշխան Իրաւունքը. Զախարովա Անդրադարձած Է ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի Դուրս Գալու Հաւանականութեան Հարցին

by MassisPost

Ռուսաստանի Դաշնութիւնը կասկածի տակ չի դներ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան իրաւունքը՝ ընտրելու իր արտաքին քաղաքական ուղղութիւնը՝ ՀԱՊԿ-ի մէջ հետագայ աշխատանքներու ծիրին մէջ:

Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան՝ անդրադառնալով կազմակերպութենէն Հայաստանի հնարաւոր դուրս գալուն։

«Որքան մեզի յայտնի է, չնայած կազմակերպութեան հասցէին անընդհատ հասցէագրուող մեղադրանքներուն, անդամակցութեան վերաբերող այլ քայլեր մեր գործընկերներուն կողմէ չեն իրականացուած։ Այդ պատճառով մենք կ’արձանագրենք, որ Հայաստանը կը շարունակէ ՀԱՊԿ-ի լիարժէք անդամ մնալ եւ պէտք է կրէ փաստաթուղթերով ամրագրուած համապատասխան պարտաւորութիւններ։ Մենք յստակ համոզուած ենք, թէ որեւէ պարագայի ՀԱՊԿ-ը է ու պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ կառոյց, որ պատասխանատու է իր անդամ երկիրներու անվտանգութեան համար»,- ընդգծած է Զախարովան:

Ըստ անոր՝ ընթացիկ տարուան մէջ դաշնակիցներու հետ համատեղ կը շարունակուին հետեւողական աշխատանքները արտաքին քաղաքական, նոր անվտանգային մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment