Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Քրեմլին Բացասաբար Կը Վերաբերի Հայաստան Որոշ Ռուսերու Մուտքի Արգելքին». Փեսքով

«Քրեմլին Բացասաբար Կը Վերաբերի Հայաստան Որոշ Ռուսերու Մուտքի Արգելքին». Փեսքով

by MassisPost

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի խօսնակ Տմիթրի Փեսկով ըսած է, որ Քրեմլին բացասաբար կը վերաբերի որոշ ռուսերու մուտքը արգիլելու Հայաստանի որոշումներուն:

«Անկեղծ` մենք անոր բացասաբար կը վերաբերինք: Հայաստանը մեր մեծ բարեկամն է, դաշնակիցը եւ ռազմավարական գործընկերը, եւ, ի հարկէ, երկկողմ յարաբերութիւններու մակարդակն ու բնոյթը մեզ կը պարտադրէ պաշտպանել մեր երկկողմ յարաբերուըիւնները նման դէպքերէ», ըսած է Փեսքով:

Ան յոյս յայտնած է, որ «Մոսկուայի եւ Երեւանի յարաբերութիւնները տեսանելի ապագային զերծ կ’ըլլան նման դէպքերէ»:

Մարտ 7-ին Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկի փրոֆեսոր Վիքթոր Սողոմոնեան յայտնած է, որ «News Media» հրատարակչական տան գլխաւոր տնօրէն եւ նախագահ Արամ Գաբրիէլեանովին Երեւանի օդակայանին մէջ արգիլած են մուտք գործել Հայաստան եւ ան յաջորդ թռիչքով վերադարձած է Մոսկուա:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment