Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Հայ-Ատրպէյճանական Յարաբերութիւններուն Մէջ Իրավիճակը Նուրբ Է` Բռնութեան Վտանգներով, Ինչպէս Վերջին Օրերուն Տեսանք ԼՂ-ի Մէջ». Նետ Փրայս

«Հայ-Ատրպէյճանական Յարաբերութիւններուն Մէջ Իրավիճակը Նուրբ Է` Բռնութեան Վտանգներով, Ինչպէս Վերջին Օրերուն Տեսանք ԼՂ-ի Մէջ». Նետ Փրայս

by MassisPost

ԱՄՆ պիտի շարունակէ աշխատիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման  համար: Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է Պետական Քարտուղարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Նետ Փրայսը` մեկնաբանելով ԱՄՆ հետախուզական ծառայութիւններուն զեկոյցը Հարաւային Կովկասի մէջ լարուածութեան պահպանման մասին:

Փրայս տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը անուանած է «նուրբ` հակուած բռնութեան աճի»: «Հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն մէջ իրավիճակը նուրբ է` բռնութեան վտանգերով, ինչպէս վերջին օրերուն տեսանք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ», ըսած է Փրայս:

«Այդ երկարատեւ հակամարտութիւն է, եւ Միացեալ Նահանգները կը փափաքէր ամէն ինչ ընել անոր լուծման աջակցելու համար: Մենք կը պատրաստուինք շարունակելու այդ ընել` աշխատելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ, աջակցելով երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան մէջ անոնց սեփական ջանքերուն, ինչպէս նաեւ բոլոր համապատասխան մեխանիզմներով», ըսած է պաշտօնեան:

Ան վստահեցուցած է, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է օգնելու Երեւանին ու Պաքուին, որպէսզի «իրենք վարեն բանակցութիւններ եւ հասնին պայմանաւորուածութիւններու»: ԱՄՆ յոյս ունի, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը կարենան լուծել այս խնդիրը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment