Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Հանրապետութեան Գլխաւոր Դատախազ Գուրգէն Ներսիսեանը Հրաժարականի Դիմում Ներկայացուցած Է

Արցախի Հանրապետութեան Գլխաւոր Դատախազ Գուրգէն Ներսիսեանը Հրաժարականի Դիմում Ներկայացուցած Է

Պիտի Ստանձնէ Պետական Նախարարի Պարտականութիւնները

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազ Գուրգէն Ներսիսեանը Փետրուար 24-ին ներկայացուցած է հրաժարականի դիմում: Այս մասին յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանը:

Արցախի դատախազութեան մասին օրէնքի 62-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 8-րդ կէտին համաձայն` հրաժարականի պարագային գլխաւոր դատախազի լիազօրութիւնները կը դադրին, եթէ գլխաւոր դատախազին կողմէ հրաժարականի դիմումը ներկայացուելէն ոչ ուշ, քան մէկ շաբթուան ընթացքին կրկին հրաժարականի դիմում ներկայացւումուի:

Աւելի վաղ, Արցախի նախագահը պետական նախարարի պարտականութիւնները ստանձնել առաջարկած է Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազ Գուրգէն Ներսիսեանին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment