Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՆԳՆ-ի Մէջ Պարգեւատրուած Են Թուրքիոյ Եւ Սուրիոյ Աղէտի Գօտիին Մէջ Աշխատանքներ Իրականացուցած Փրկարարները

ՆԳՆ-ի Մէջ Պարգեւատրուած Են Թուրքիոյ Եւ Սուրիոյ Աղէտի Գօտիին Մէջ Աշխատանքներ Իրականացուցած Փրկարարները

by MassisPost

Ներքին գործերու նախարար Վահէ Ղազարեանի հրամանով երկրաշարժի հետեւանքով տուժած Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ որոնողափրկարարական աշխատանքներ իրականացուցած խումբ մը փրկարարներ պարգեւատրուած են մետալներով եւ յուշանուէրներով: Ներքին Գործերու Նախարարութեան Փրկարար Ծառայութեան տնօրէն, ներքին գործերու նախարարի տեղակալ Կամօ Ցուցուլեանը հանդիսաւոր պայմաններու մէջ պարգեւները յանձնած է փրկարարներուն:

Տնօրէնը ներքին գործերու նախարարին եւ անձամբ իր անունով շնորհակալութիւն յայտնած է փրկարարներուն, իրենց դրսեւորած մասնագիտական բարձր պատրաստակամութեան եւ մարդկային որակներուն համար, շեշտելով որ իւրաքանչիւր լաւ աշխատանք միշտ արժանի գնահատական պիտի ստանայ:

Ցուցուլեանը մասնաւորապէս նշած է․ «Ուզում եմ ընդգծել, որ ձեր առջեւ դրուած խնդիրները կատարել էք արհեստավարժ բարձր մակարդակով: Հայկական քաղաքային որոնողափրկարարական երկու խումբերն էլ լաւագոյնս կատարեցին իրենց մարդասիրական առաքելութիւնը` դրսեւորելով ուժ, կամք, աշխատասիրութիւն եւ անվեհեր փրկարարի վառ օրինակ»:

Արարողութեան աւարտին տնօրէնը եւս մէկ անգամ շնորհակալութիւն յայտնած է փրկարարներուն, վերջիններուս մաղթելով բարի եւ անփորձանք ծառայութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment