Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Վարդանանց Տօնակատարութիւնը Պաթոն Ռուժի մէջ

Վարդանանց Տօնակատարութիւնը Պաթոն Ռուժի մէջ

by MassisPost

1572 երակարաձիգ տարիներ շարունակ հայ ժողովուրդը ոգեկոչած է Վարդանանց հերո­սամարտի, հայոց անմահանուն սպարապետ Վարդան Մամիկոն­եանի, իր քաջամարտիկ զինակիցներուն եւ վկայեալ հոգեւորական­ներուն անթա­ռամ յիշատակը։ Դարերու հոլովոյ­թին մէջ ժամանակը չէ կրցած բնաւ զայն ենթարկել մոռացութեան քայքայիչ իր օրէնքին, չէ յաջողած հայութեան հաւաքական գիտակցութեան մէջ աղօտել շողարձակ փայլքը անոր, ընդհակառակը՝ տարուէ-տարի առաւել եւս շատցած է այս տօնին հմայքը, որովհետեւ ան սոսկ անցեալի էջե­րուն մէջ աւարտուն եւ անկենդան պատմութիւն մը չէ, այլ ներկային մէջ միշտ իր խօսուն պատգամով վերանորոգ իրականութիւն մըն է քրիստոնէական հաւատքի ինքնութեան պահ­պանու­թեան, ուխտի միաբանութեան հանդէպ հաւատարմութեան, հայ­րենիքի եւ ազգային ար­ժէքներու պաշտպանութեան համար։

Հայրենիքէն հազարաւոր մղոններով հեռու վայրերու մէջ հայկական հին ու նոր գաղթ­օճախներ երբ կը հիմնեն եկեղեցի ու դպրոց, ազգային-եկեղեցական տօներու ծիրին մէջ պարտականութեան ամենանուիրական զգացումով կը նշեն Վարդանանց հերոսամար­տին յիշատակը «Սրբոց Վարդանանց զօրավարացն մերոց, հազար երեսուն եւ վեց վկայիցն, որք կատարեցան ի մեծի պատերազմին» անունով։

Ահաւասիկ, այսպիսի կրօնաբոյր զգացումներով եւ ազգային վառ գիտակցութեամբ Լուի­զիանայի հայութիւնը այս տարի առաջին անգամ ըլլալով Պաթոն Ռուժի Ս. Կարապետ եկե­ղեցւոյ մէջ ոգեկոչեց Վարդանանց տօնը։ Արդարեւ, Կիրակի, 12 Փետրուար 2023 թուակա­նին, արդէն առաւօտեան ժամերուն, տեղւոյն հա­մայնքի անդամները եւ յարակից հայաբնակ շրջան­ներէն՝ Նիւ Օրլինզ, Լա Փլաս, Մոպիլ-Ալապամա եւ այլ քաղաքներէն, ժա­մանած էին Պաթոն Ռուժ՝ մասնակցելու համար սուրբ պատարագի արարողութեան եւ Վարդա­նանց յիշատակին ձօնուած տօնա­կատարու­թեան։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Միքայէլ քհնյ. Տէվէճեանը։ Արարո­ղութիւնը հոգեպարար եւ վեհացնող էր անտարակոյս։ Նկատելի էր, որ հայաշունչ համայնքի անդամները յաճախ ձեռնամած կը հետեւէին սրբազան արարողու­թեան, իսկ շա­րականներու երգեցո­ղութեան հոգեթով ազդեցութիւնը ջերմեռանդ տպաւո­րութիւն մը կու տար անոնց դէմքերուն։

Օրուան պատգամաբերն էր Զուիցերիայէն հիւրաբար ժամանած դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մա­նուկեանը, որ նախորդող օրը եկեղեցւոյ երգչախումբի անդամներուն սորվեցուցած էր Ս. Ներսէս Շնորհալւոյ Վարդանանց յիշատակին ձօնած «Նո­րահրաշ պսակաւոր» շարականին երգեցողութիւնը։ Արդարեւ, յաւարտ սուրբ պատարագի եկեղեցւոյ դպրաց դասը գեղեց­կօրէն երգեց Վար­դանանց շարականը։ Հուսկ խօսք առաւ օրուան բանախօսը՝ սկսելով իր ելոյթը Վար­դանանց հերոսամարտի պատմութիւնը ոգեղինած Եղիշէ վարդապետի դիւցազ­ներգութենէն՝ «Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է» բնաբանով։ Ան քանի մը հան­գրուաններով ներկայացուց Վարդանանց պատմութիւնը՝ նշելով բախտորոշ երեք իրադարձութիւններ, որոնք տեղի ունեցան հայ ժողո­վուրդի կեանքին մէջ՝ Դ. եւ Ե. դարերուն։ Առաջինը 301 թուականին Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումն էր, որ միանգամայն նոր ուղղութիւն եւ զարգացում մը տուաւ հայութեան ազ­գային, քաղաքական եւ մշա­կութային կեան­քին։ Եկրորդը 406 թուականին Ս. Մեսրոպ Մաշ­տոցի հայոց գիրերու գիւտն էր, որուն շնորհիւ օտարալեզու եւ իր եկեղեցական արարողու­թիւններով ժողովուրդին անհաղորդ քրիստոնէութիւնը միանգամայն հայացաւ եւ այնու­հետեւ Աւետարանի լոյսով շաղախեց ամբողջ հայ մշակոյթը։ Երրորրդը 451 թուականի Վար­դանանց պատերազմն էր, որ հայոց պատմութեան մէջ հանդի­սացաւ ան­կիւնադարձային նշանակութիւն ունեցող դարակազմիկ եղելութիւն մը։ Այսպէս, հայ ժողո­վուրդը արեան մկրտութեամբ իր կեանքին մէջ ընդմիշտ ամրա­գրեց քրիստոնէութիւնը, անոր տալով հա­մօրէն ազգային նկարագիր մը՝ «Վասն Յիսուսի, վասն հայրենեաց» կարգախօսով։

Ներկաները մեծ ուշադրութեամբ ու հաճոյքով կը հետեւէին Վարդանանց պատերազմի փուլերուն, որոնք կուռ եւ ժողովուրդին մատչելի լեզուով կը նկարագրէր բանա­խօսը՝ յաջորդաբար ներկայացնելով Միհրներսեհ հազարապետին անունով Յազկերտ Բ.-ի հրովարտակը ուղղուած հայոց մեծամեծներուն՝ հրաժարելու քրիստոնէութենէն եւ փոխարէնը ընդունելու զրադաշտական կրօնը։ 449 թուականին Արտաշատի մէջ կը գու­մար­ուի ազգային-եկեղեցական ժողով մը, ուր հայ եկեղեցական ներկայացուցիչներն ու սպարա­պետ Վարդան Մամիկոնեանի կողմնակիցները Յազկերտ Բ.-ին կը յղեն պատաս­խան նամակ մը, որուն մէջ վճռորոշ կը յայտարարեն, թէ հայեր քաղաքականօրէն պարսկա­կան կողմ­նորոշումէ անջատուելու ծրագիր չունին եւ պիտի շարունակեն հաւատարիմ մնալ անոր, սակայն կրօնափո­խու­թեան պահանջը ամենեւին կապ չունի քաղաքականութեան հետ, այլ, թէկուզ ենթակայ պարս­կական իշխանութեան, այսուամենայնիւ իրենք ազատ պէտք է մնան իրենց կրօնական համո­զում­ներուն եւ հաւատալիքներուն մէջ։ Սոյնը այնքան կայացած իրողութիւն մըն է հայոց մօտ, որ անոնք իրենց հաւատքի մասին խրոխտ վկայու­թիւն մը տալով կ’ընդդիմանան Յազկերտ Բ.-ի՝ յայտարարելով. «Այս հաւատքէն ո՛չ ոք կրնայ մեզ խախ­տել, ո՛չ հրեշ­տակները եւ ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուրը, ո՛չ հուրը եւ ո՛չ ալ ջուրը, ահաւասիկ, մենք պատրաստ ենք, քեզմէ՝ տանջանք, մեզմէ՝ համբերու­թիւն, քու սուրդ եւ մեր պարանոցները»։

Այս ընդդիմախօսութիւնը ինքնին պատերազմական կեցուածք մը կը նախադրէ։ Յաջոր­դական դէպքերու զարգացումը՝ Տիզբոնի մէջ հայ նախարարներու առերես կրօնափոխու­թիւնը, Հայաստան վերադառնալէ ետք անոնց ըմբոստացումը եւ ռազմական գործողու­թիւններու նախապատրաստութիւնը հոն կ’առաջնորդեն, որ Վարդան Մամիկոն­եան իր 66 հազար աշխարհազօրային ուժերով կը գտնուի Մուշկան Նիւսալավուրտ զօրավարի հրա­մանատարութեան տակ գտնուող պարս­կական 100.000-ոց կանոնաւոր զօրքաբանակի մը դէմ-յանդիման։ Վայրը Վասպուրական աշխարհի Արտազ գաւառն է, Տղմուտ գետի ափին՝ Աւարայրի դաշտը։ Յուզիչ է ռազմաճա­կատի նախորդող գիշերը Շաւարշանայ դաշտին մէջ հայոց զօրաբանակին միաբանութեան ուխտի նկարագրութիւնը հացի եւ գինւոյ փրկարար խոր­հուրդին շուրջ եւ իր քաջ նիզակակիցներուն ուղ­ղած Վարդան Մամիկոնեանի սրտառուչ ճառը, որ ինքնին քրիստոնէական հաւատքի վկայութեան փայլուն էջ մըն է։ Վարդան կ’իյնայ եւ իրեն հետ նաեւ իր քաջ նիզակակիցներէն հազար երեսուն եւ վեց վկաներ։ Ճակա­տամարտը կ’աւարտի հայոց պարտութեամբ, բայց ոչ պատերազմը, այլ ան կը շարունակուի հրոսակային-հայդուկային կռիւներով մինչեւ Վահան Մամիկոնեանի ձեռք բերած յաղթա­նակը։ Արդարեւ, Վահանեանք կը յաջողին 484 թուակա­նին Նուարսակի պայմանագրով ստիպելու պարսկական արքունիքը ընդունելու հայ ժողովուրդի ներքին կեանքի ինքնուրոյ­նութիւնը՝ հրաժարելով միաժամանակ զայն կրօնա­փոխ ընելու ապարդիւն ծրագրէն։

Պատմութեան փոթորիկները չեն կրցած խորտակել հայ ժողովուրդի դիմադրողականու­թեան ոգին, ոչ իսկ ճակատագրի դաժան հարուածները յաջողած են ընկճել անոր ազա­տա­բաղձ ձգտումները։ Պետականութեան երազն անոր պայծառ մնացած է դարերու գալա­րումներուն մէջ։ Վարդանանց ոգին մեզի կը պատգամէ,⎯ եզրակացուց դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան,⎯ հաւատարիմ մնալ մեր հայրե­րու միաբանութեան ուխտին եւ անկոտրում պա­հել մեր ազգային դիմադրողականութեան ոգին։ Թէկուզ ամենադժնդակ մարտահրա­ւէրներուն դէմ պէտք է ազգովին բռունցքաւոր­ուինք, յաղթութեան դաբնիներով պսակել կարենալու համար մեր հայկազուն ցեղի եւ Վարդա­նաց ուխտի ժառանգորդներուս արդար գոյապայքարը։

Վարդանաց տօնահանդէսը հուսկ շարունակուեցաւ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ, ուր սիրոյ սեղանի շուրջ երգուեցան «Ազնիւ ընկեր», «Լռեց ամպերը», «Հիմի էլ լռենք» եւ այլ Վարդանանց երգեր։ Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ տիար Վազգէն Քալթագճեան սրտանց շնորհաւորեց Վարդանանց տօնին առթիւ իրենց անուա­նակոչութիւնը նշող բոլոր ազգայինները։ Ան յայտարարեց, թէ այնքան ներշնչող ու ազդեցիկ էր համայնքին մէջ առաջին անգամ կազմակերպուած Վարդանանց տօնակատարութիւնը, որ այսու­հետեւ ցանկալի պիտի ըլլայ զայն ամէն տարի նշել՝ հաւատքին հուրը երիտասարդ սերունդի սրտին, նաեւ հայութեան արդար իրաւունքներու իրականացման հասնելու ձգտումը Լուիզ­իանայի հայ համայնքի հաւաքական գիտակցութեան մէջ վառ պահելու համար։

Համայնքի անդամները եւ հեռու տեղերէ ժամանած հիւրերը մինչեւ ուշ կէսօրէ վերջ տակա­ւին կը յամենային եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ ու կը վայելէին հայաբոյր միջավայրը։ Անոնք լիացած եւ, ստոյգ, պահ մը աւելի ոգեշնչուած հայեցի ապրումներով վերադարձան իրենց վայրերը։

Ներկայ մը

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment