Թուրքմենպաշի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առանձնազրոյցը Թուրքմենիստանի նախագահ Սերտար Պերտիմուհամետովի հետ:
Վերջինս ողջունած է ՀՀ վարչապետին այցը եւ կարեւորած է երկկողմ համագործակցութեան զարգացումը տարբեր ուղղութիւններով:
Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ հիւրընկալութեան համար եւ յաւելած, որ ՀՀ կառավարութիւնը շահագրգիռ է ինչպէս քաղաքական, այնպէս ալ առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնմամբ ու խորացմամբ:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Թուրքմենիստան յարաբերութիւններու օրակարգին առնչուող տարբեր հարցերու շուրջ:

