Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ամուլսարի Հանքավայրի Շահագործման Դիմաց Հայաստանը Պիտի Ստանայ «Լիտիան Արմէնիա»-ի Բաժնետոմսերուն 12,5 Տոկոսը

Ամուլսարի Հանքավայրի Շահագործման Դիմաց Հայաստանը Պիտի Ստանայ «Լիտիան Արմէնիա»-ի Բաժնետոմսերուն 12,5 Տոկոսը

by MassisPost

Ամուլսարի ոսկու հանքավայրի շահագործման դիմաց Հայաստանը պիտի ստանայ «Լիտիան Արմէնիա» ընկերութեան բաժնետոմսերուն 12,5 տոկոսը:

Այս տեղեկութիւնը հաստատեցին Տնտեսութեան Նախարարութենէն:

Ազգային Ժողովին մէջ Տնտեսական Հարցերու Մշտական Յանձնաժողովի նիստին ժամանակ  տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան յայտնած էր, որ «Լիտիան Արմէնիա» ընկերութեան հետ 250 միլիոն տոլարի պայմանագիր պիտի կնքուի: Ճշդող հարցին` արդեօք կառավարութիւնը 250 միլիոն տոլարով պիտի գնէ՞ այդ բաժնետոմսերը, Տնտեսութեան Նախարարութենէն պատասխանեցին․

«Ոչ, կառավարութիւնը ոչ մի բան չի ծախսեր», ըսին Տնտեսութեան Նախարարութենէն:

Հայաստանի կառավարութիւնը 250 միլիոն տոլարի համաձայնագիր պիտի ստորագրէ «Լիտիան Արմէնիա» ընկերութեան հետ, որուն կը պատկանի Ամուլսարի ոսկիի հանքավայրի շահագործման արտօնագիրը: ՀՀ կառավարութեան, Եւրասիական Զարգացման դրամատան եւ «Լիտիան Արմէնիա» ընկերութեան միջեւ պիտի ստորագրուի Եռակողմ փոխըմբռնման յուշագիր: ՀՀ կառավարութեան կողմէ փաստաթուղթը պիտի ստորագրէ ՀՀ տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment