Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Խումբ Մը Երիտասարդներ Մուտք Գործեցին ՍԴՀԿ-ի Շարքերը

Խումբ Մը Երիտասարդներ Մուտք Գործեցին ՍԴՀԿ-ի Շարքերը

by MassisPost

ԱՄՆ-ի Արեւմտեան շրջանի Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Վարիչ Մարմնի հովանաւորութեամբ, անցեալ Ուրբաթ Փետրուարի 17-ին, 2023, Փասատինայի ՀԿԲՄ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ խումբ մը երիտասարդներու կուսակցական շարքերուն միանալու երդման արարողութիւնը: Արդարեւ, «ուխտեալ երիտասարդներ»ը շրջանէ մը ի վեր, լսարանային դասախօսութիւններու միջոցաւ, մօտէն ծանօթացած էին Մայր Կուսակցութեան համառօտ պատմութեան, անոր առողջ գաղափարախօսութեան տեսլապատ ուղեգիծին, ի խնդիր ազատատենչ հայ ժողովուրդի ազատ եւ ինքնավար կեանքի իրագործումին:

Սոյն միջոցառումին ներկայ էին ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմնի անդամներ, Կեդրոնական Վարչութեան եւ ինչպէս նաեւ մասնաճիւղերու վարչութեանց եւ ՀԱԽ-ի ու «Կայծ» Երիտասարդացի ներկայացուցիչներ:

Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր` ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմնի ատենապետ` Ընկ. Վազգէն Խոտանեան: Ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ Հնչակեան Կուսակցութեան գաղափարախօսութեան հիմնական նպատակներուն եւ մերօրեայ պարտաւորութիւններուն վրայ: Առանձնապէս նշեց նաեւ կուսակցութեան դրօշի ու զինանշանի իմաստն ու խորհուրդը: Միաժամանակ մէջբերումներ կատարեց ՍԴՀԿ-ի կազմական կանոնագիրէն կարեւոր հատուածներ, որոնք պիտի ծառայեն որպէս գլխաւոր ուղեցոյց նորամուտ շարքայիններուն: Ապա շնորհաւորեց նոր երիտասարդներու մուտքը 135- ամեայ Հնչակեան կուսակցութեան շարքերէն ներս, որ իր գործունէութեամբ միշտ եղած է հեռատես, յանձնառու եւ խիզախ թէ անցեալին եւ թէ ներկայիս:

Տպաւորիչ էր երիտասարդներու երդման արարողութիւնը, կնքահայրութեամբ ՍԴՀԿ-ի «Արսէն Կիտուր» մասնաճիւղի ղեկավարներէն` ընկ. Աւետիս Մազմանեանի: Արդաերւ նորամուտ ընկերները ուխտեցին հաւատարիմ մնալ Հնչակեան գաղափարաբանութեան եւ անշեղ ու աննահանջ կերպով ծառայել անոր ազգային, քաղաքական ու հասարակական առաջարդրանքներու իրագործման:

Միջոցառման աւարտին փակման խօսքով հանդէս եկաւ ՍԴՀԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ` ընկ. Վարդան Քէօրօղլեան, նորագիր անդամներուն փոխացնելով իր սրտագին շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները, որմէ ետք յոտնկայս երգուեցաւ կուսակցութեան քայլերգը:

Յայտագրի վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ ընկերային ժամ: Խանդավառ մթնոլորտի մէջ նորագիր ընկերները ընդունեցին ներկաներուն ջերմ շնորհաւորութիւններն ու բերկրալիր բարեմաղթութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment