«Amazon-ը պատրաստ է Հայաստանում ներդրումներ կատարել, եթէ ապահովուի ընկերութեան համար անհրաժեշտ շուրջօրյայ կայուն ելեկտրամատակարարումը»: «Ինֆոքոմ»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ յղում ընելով բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարէն ստացած նամակին։
«Amazon-ը պատրաստ է Հայաստանում ներդրումներ անել, բայց իրեն 1000-մեկաուաթանոց կայան է պէտք։ Ասում է՝ եթէ դուք կ’ասէք, որ 1000-մեկաուաթանոց կայան կը լինի, ես Հայաստանում համապատասխան չափի ներդրումներ կ’անեմ»,- ըսած է վարչապետը։
ԱՆ չէ յստակացուցած հնարաւոր ներդրումներու չափը, նախագիծին բնոյթը կամ իրականացման ժամկէտերը։
Փաշինեան մանրամասնած է, որ ընկերութեան շուրջօրեայ կայուն ելեկտրամատակարարում անհրաժեշտ է։ Այդ ծիրին մէջ ան խօսած է աթոմակայանի, ուժանիւթի կուտակիչներու եւ հողմային կայաններու անհրաժեշտութեան մասին։
Վարչապետին խօսքով՝ Հայաստանի մէջ արհեստական բանականութեան ոլորտին մէջ արդէն հաստատուած նախագիծերու ուժանիւթային պահանջարկը կը գերազանցէ երկրին առկայ կարողութիւնները։ Ան նոր ներդրումային ծրագրերով բացատրած է աւելի մեծ հզօրութեամբ աթոմակայան կառուցելու նկատմամբ կառավարութեան աճող հետաքրքրութիւնը։

