Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրանի Մէջ Բաւարարուած Են TRIPP-ի Գործընթացին Թափանցիկութեամբ Եւ Տնտեսական Հնարաւորութիւններով․ ԱԳՄԱ Նախարար

Իրանի Մէջ Բաւարարուած Են TRIPP-ի Գործընթացին Թափանցիկութեամբ Եւ Տնտեսական Հնարաւորութիւններով․ ԱԳՄԱ Նախարար

by MassisPost

ՀՀ արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեանի գնահատմամբ՝ Իրանի մէջ բաւարարուած են TRIPP-ի շուրջ Հայաստանի ցուցաբերած թափանցիկութեամբ, հարցերը քննարկելու պատրաստակամութեամբ եւ ծրագրի տնտեսական հնարաւորութիւններով։ Միրզոյեան այս մասին յայտնեց Ազգային Ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարց ու պատասխանի ժամանակ՝ պատասխանելով պատգամաւոր Արուսեակ Մանավազեանի հարցումին՝ Իրան կատարած այցի եւ TRIPP-ի վերաբերեալ իրանեան կողմի ընկալումներուն մասին։

«Իրանում բաւարարուած են TRIPP-ի շուրջ ողջ գործընթացի՝ մեր կողմից ցուցաբերուող կատարեալ թափանցիկութեամբ, բոլոր հարցերը քննարկելու պատրաստակամութեամբ, ինչպէս նաեւ տնտեսական հնարաւորութիւններով, որ այդ նոյն ենթակառուցուածքների գործարկումը ընձեռելու է հէնց Իրանին»,– ըսաւ Միրզոյեան։

Նախարարը շեշտեց, որ այդ գնահատականը հիմնուած է այցի ընթացքին իր ստացած տպաւորութիւններուն եւ լսածին վրայ։ Անոր խօսքով՝ որոշ լրատուամիջոցներու եւ ընդդիմադիր շրջանակներու ներկայացուցած՝ TRIPP-ի շուրջ իրարանցումը չի համապատասխանե իրականութեան։

Միրզոյեան նշեց, որ իրանեան գործընկերներուն հետ ծրագրի շուրջ քննարկումներու ընթացքին բարձրացուած են հարցումներ, տրուած են պատասխաններ, իսկ այդ ուղղութեամբ աշխատանքը կը շարունակուի։

Անդրադառնալով այցի ընդհանուր օրակարգին՝ նախարարը տեղեկացուց, որ Իրանի ղեկավարութեան եւ գործընկերներուն հետ քննարկած է երկկողմ յարաբերութիւններու ամբողջ շրջանակը՝ քաղաքական երկխօսութենէն եւ յարաբերութիւններու ռազմավարական բնոյթէն մինչեւ տնտեսական ու ենթակառուցուածքային հարցեր։ Քննարկուած են նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային զարգացումները։

Բեռնափոխադրումներու եւ օդային փոխադրումներու վերաբերեալ հարցումին պատասխանելով՝ Միրզոյեան ընդգծեց Իրանի հետ յարաբերութիւնները խորացնելու Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ հաշուի առնելով միջազգային պատժամիջոցներով պայմանաւորուած սահմանափակումները։

«Մենք շատ բարձր ենք գնահատում եւ կարեւորում ենք Իրանի հետ մեր յարաբերութիւնները, եւ մենք վտանգի տակ չենք դնելու դրանք»,– նշեց նախարարը։

Ան նաեւ յայտնեց, որ իրանեան կողմի մաքսային գօտիին մէջ բեռնափոխադրումներու հետ կապուած խցանումներու եւ կուտակումներու հարցը աշխուժօրէն կը քննարկուի համապատասխան գերատեսչութիւններուն հետ։ Միրզոյեանի խօսքով՝ կան տեխնիկական լուծումներ, որոնց իրականացումը յառաջիկայ օրերուն կ’ակնկալէ տեսնել։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment