Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կալանաւորուած Է 2020-ի Նոյեմբեր 10-ին Արարատ Միրզոյեանը Սպաննելու Փորձ Կատարած Անձերէն Մէկը

Կալանաւորուած Է 2020-ի Նոյեմբեր 10-ին Արարատ Միրզոյեանը Սպաննելու Փորձ Կատարած Անձերէն Մէկը

by MassisPost

Ձերբակալուած եւ երկու ամիսով կալանաւորուած է 2020-ի Նոյեմբեր 10-ի զանգուածային անկարգութիւններու ընթացքին Ազգային Ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը սպաննելու փորձ կատարած անձերէն մէկը` Թ․Ա․-ն, տեղեկացուցած է Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը:

Նոյեմբեր 9-ի գիշերը, երբ յայտնի դարձաւ ղարաբաղեան պատերազմին հայկական կողմի պարտութեան եւ զինադադարի եռակողմ յայտարարութեան ստորագրման մասին, Երեւանի մէջ անկարգութիւններ սկսան, յարձակման ենթարկուեցան Ազգային Ժողովի, կառավարութեան շէնքերը, Ազգային Ժողովի մօտակայքին դաժան ծեծի ենթարկուեցաւ ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանը: Անոր ծեծին գործով կան մեղադրեալներ:

ԱԱԾ-ն փոխանցած է, որ Թ․ Ա․-ն Նոյեմբեր 10-ին տեղեկանալով որ կառավարութեան, Ազգային Ժողովի վարչական շէնքերուն եւ վարչապետին յատկացուած կեցավայրին մօտ, անոնց ներսը զանգուածային անկարգութիւններ կը կատարուին, գացած է Երեւանի Դեմիրճեան եւ Պռօշեան փողոցներու խաչմերուկ:

Տեսնելով ինքնաշարժին մէջ խցանման մէջ գտնուող Արարատ Միրզոյեանը, ըստ ԱԱԾ-ի, «տուեալ անձը միացել է Միրզոյեանի նկատմամբ բռնութիւն գործադրող զանգուածային անկարգութիւնների մասնակիցներին, ճեղքելով վերջիններիս շարքերը, մօտեցել է արդէն գետնին ընկած Արարատ Միրզոյեանին եւ վերջինիս պետական գործունէութիւնը դադարեցնելու նպատակով, նրան սպաննելու դիտաւորութեամբ, այլոց հետ միասին ոտքերով հարուածներ է հասցրել Միրզոյեանի գլխին եւ մարմնի տարբեր մասերին, ինչի արդիւնքում վերջինիս պատճառուել է` դիմային գանգի ոսկրերի բազմակի կոտրուածքներ եւ այլ վնասուածքների ձեւով մարմնական վնասուածքներ, ինչի հետեւանքով Արարատ Միրզոյեանը կորցրել է գիտակցութիւնը»:

Ինչպէս Ծառայութիւնը կը նշէ` յանցագործութիւնը չէ իրագործուած, քանի որ Միրզոյեանի անվտանգութիւն աշխատակիցներու միջամտութեան շնորհիւ ԱԺ նախագահը տեղափոխուած է «էրեբունի» բժշկական կեդրոն եւ ստացած է համապատասխան բժշկական օգնութիւն:

Զանգուածային անկարգութիւններու գործով նախաքննութիւնը կը շարունակուի, մօտ մէկ տասնեակ մարդ արդէն դատապարտուած է տարբեր պատժաչափերով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment