Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Վարչապետն Ու ԱՄՆ Դեսպանը Անդրադարձած Են Ատրպէյճանի Կողմէ Լաչինի Միջանցքի Արգելափակման Հետեւանքով ԼՂ-ի Մէջ Ստեղծուած Մարդասիրական Ճգնաժամին

Հայաստանի Վարչապետն Ու ԱՄՆ Դեսպանը Անդրադարձած Են Ատրպէյճանի Կողմէ Լաչինի Միջանցքի Արգելափակման Հետեւանքով ԼՂ-ի Մէջ Ստեղծուած Մարդասիրական Ճգնաժամին

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Քրիսթինա Քվինը:

Վարչապետը շնորհաւորած է տիկին Քվինը պատասխանատու պաշտօնին նշանակուելու առթիւ եւ յոյս յայտնած, որ անոր պաշտօնավարման ընթացքին հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները կը շարունակուին զարգանալ ու ընդլայնիլ:

Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է ԱՄՆ օժանդակութիւնը Հայաստանի մէջ իրականացուող հաստատութենական բարեփոխումներուն եւ յաւելած, որ ժողովրդավարութեան զարգացումն ու ամրապնդումը ՀՀ կառավարութեան համար ունի ռազմավարական նշանակութիւն:

Քրիսթինա Քվինը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ յաւելած, որ պիտի ներդնէ բոլոր ջանքերը` հայ-ամերիկեան փոխգործակցութեան օրակարգը արդիւնաւէտ յառաջ մղելու համար: Այս ծիրին մէջ, դեսպանը կարեւորած է ՀՀ կառավարութեան հետ սերտ համագործակցութիւնը: Միաժամանակ, ան յայտնած է ԱՄՆ վարչակազմի պատրաստակամութիւնը` շարունակելու նպաստել Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու իրականացման:

Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին, հայ-թրքական գործընթացին  եւ այլ հարցերու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment