Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի ՄԻՊ-ը Կ’ահազանգէ` Սնունդի Պաշարները Երթալով Կը Սպառին

Արցախի ՄԻՊ-ը Կ’ահազանգէ` Սնունդի Պաշարները Երթալով Կը Սպառին

by MassisPost

Արցախի մէջ սնունդի առկայ պաշարները օրէ օր երթալով կը սպառին, կ’ահազանգէ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը:

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի մէկ բեռնատար Կիրակի օր Հայաստանէն մօտ 10 թոն բեռ հասցուցած է Արցախ, որ ներառած է մանկական սնունդ, դեղորայք եւ սննդամթերք առողջապահական հաստատութիւններու համար:

10 թոնը չնչին քանակ է Արցախի համար եւ պակասը այս պահին շատ աւելի մեծ է քան մատակարարուած օգնութիւնը, «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսաւ Ստեփանեան` մանրամասնելով, որ մինչեւ շրջափակումը օրական 400 թոն սննդամթերք եւ կենսական նշանակութեան ապրանք կը ներմուծուէր Արցախ եւ արդէն 15-րդ օրն է, որ այդ օրական 400 թոնը չէ ներմուծուած:

«Պատկերացրէք, թէ ինչ ծաւալների մասին է խօսքը: Յստակ կարող ենք այսօր արձանագրուած խնդրի մասին խօսել` մանկական հիւանդանոցում է գրանցուել․ երեխաները, որոնք որ բուժում են ստանում այնտեղ, սննդի հետ կապուած խնդիր ունեն, կան Ա վիթմինոզի հետ կապուած խնդիրներ, որ բացակայում է, բանջարեղէն, միրգ, դրանք չկան եւ բուժում ստացող երեխաների համար խնդիրներ են առաջանում», ըսաւ Ստեփանեան:

Պաշտպանը նաեւ ընդգծեց, որ տասնեակներու կը հասնի այն հիւանդներուն թիւը, որոնց բուժումը պէտք է կազմակերպել Երեւանի մէջ` շեշտելով, որ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ կու տայ այդ մարդոց ցանկը, սակայն շփումները, Ստեփանեանի խօսքով, տակաւին արդիւնք չեն ապահովեր, որ անհրաժեշտութեան պարագային այդ մարդիկը տեղափոխեն Երեւան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment