Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսիան Հայաստանին Կը ՍտիպԷ Միջանցք Տրամադրել Պաքուին, Անդամակցիլ Միութենական Պետութեան. ԱԽ Քարտուղար

Ռուսիան Հայաստանին Կը ՍտիպԷ Միջանցք Տրամադրել Պաքուին, Անդամակցիլ Միութենական Պետութեան. ԱԽ Քարտուղար

by MassisPost

Իշխանութիւնը առաջին անգամ ամենաբարձր մակարդակով կը յայտարարէ, որ Հայաստանին կը ստիպեն իր ինքնիշխան տարածքով միջանցք տրամադրել Ատրպէյճանին, ինչպէս նաեւ անդամակցիլ Ռուսիա-Պելառուսիա ձեւաւորուող միութենական պետութեան:

Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Հանրայինի եթերով յայտարարեց, որ Սեպտեմբեր 13-ին Պաքուի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներխուժումը, ինչպէս նաեւ Լաչինի միջանցքի փակումը Հայաստանի վրայ բանեցուող ճնշումներու ծիրին մէջ են: Գրիգորեանի պնդմամբ` վերջին շրջանին վառ արտայայտուող հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ճգնաժամի հիմնական պատճառը սա է:

«Այդ լայն բնաբանը, այսպէս ասած, Ատրպէյճանին աջակցելու, Հայաստանի տարածքով այսպէս կոչուած միջանցքային տրամաբանութեան որեւէ ճանապարհ ստանալու ծիրին մէջ է: Հայաստանը շարունակում է դիմադրել սրան: Ի դէպ, կարող եմ յստակ ասել, որ Սեպտեմբերի 13-ի սրացումը նաեւ փոխկապակցուած է սրա հետ, եւ ամբողջ ճգնաժամի հենքը կամ դրդապատճառը հիմնական սա է», յայտնեց Գրիգորեան:

Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը նաեւ առաջին անգամ հաստատեց իշխանական որոշ պատգամաւորներու շուրթերով հնչող այն պնդումը, որ Ռուսիան կը ստիպէ Հայաստանին անդամակցիլ միութենական պետութեան: Գրիգորեան պնդեց, որ Հայաստան կը դիմադրէ ռազմավարական դաշնակիցի այդ ցանկութեան եւ պատասխան կը ստանայ ռազմական ճնշումներու ձեւով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment