Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Human Rights Watch. Ատրպէյճանը Եւ Ռուս Խաղաղապահները Պէտք Է Ապահովեն, Որ Լաչինի Միջանցքը Բաց Մնայ

Human Rights Watch. Ատրպէյճանը Եւ Ռուս Խաղաղապահները Պէտք Է Ապահովեն, Որ Լաչինի Միջանցքը Բաց Մնայ

by MassisPost

«Լեռնային Ղարաբաղը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհի երկարատեւ արգելափակումը կրնայ յանգեցնել սարսափելի մարդասիրական հետեւանքներու»,  յայտարարած է Human Rights Watch-ի Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տնօրէն Հյու Ուիլիըմսընը:

«Անկախ անկէ, թէ ով կը փակէ ճանապարհը, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները եւ այնտեղ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ ուժերը պէտք է ապահովեն, որ մուտքը բաց մնայ` ապահովելու համար ազատ տեղաշարժը եւ հիմնական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու հասանելիութիւնը: Որքան երկար տեւէ հիմնական ապրանքներու մատակարարումներու եւ ծառայութիւններու խափանումը, այնքան մեծ պիտի ըլլայ վտանգը քաղաքացիական անձերու համար», ընդգծած է հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տնօրէնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment