Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՄԻԵԴ-ի Որոշումը Ատրպէյճանը Կը Պարտաւորեցնէ Ապահովել Ծանր Հիւանդներուն Տեղաշարժը Լաչինի Միջանցքով

ՄԻԵԴ-ի Որոշումը Ատրպէյճանը Կը Պարտաւորեցնէ Ապահովել Ծանր Հիւանդներուն Տեղաշարժը Լաչինի Միջանցքով

by MassisPost

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը որոշած է պարտաւորեցնել Ատրպէյճանին ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ եւ բաւարար միջոցները` ապահովելու Լաչինի միջանցքով Հայաստանի մէջ բժշկական օգնութիւն ստանալու կարիք ունեցող ծանր հիւանդ անձերուն տեղաշարժը: Դատարանին որոշումը կը պարտաւորեցնէ նաեւ ճանապարհին անապաստան մնացած կամ ապրուստի միջոցներու կարիք ունեցող անձերու անվտանգ տեղաշարժը, կը յայտնէ միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցիչը:

Հայաստանը միջանկեալ միջոց կիրառելու պահանջ եւ լրացուցիչ տեղեկատուութիւն ներկայացուցած էր Եւրոպական Դատարան` խնդրելով միջանկեալ միջոց կիրառել Ատրպէյճանի նկատմամբ «Լաչինի միջանցքով» անցնող ճանապարհի արգելափակման հետեւանքով քաղաքացիական բնակչութեան իրաւունքներու խախտումները վերացնելու համար: Ճանապարհը արդէն տասը օր է փակ է: ՄԻԵԴ-ը մինչեւ Երկուշաբթի ժամանակ տուած էր Ատրպէյճանին այս պահանջին պատասխանելու համար:

Ըստ հաղորդագրութեան` որոշման մէջ կը նշուի, որ դատարանը հաշուի առած է, որ այս պահուն վիճելի է «Լաչինի միջանցք»ին նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ վերահսկողութեան առկայութեան հարցը, ինչպէս նաեւ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտով Ատրպէյճանի կողմէ ստանձնած պարտաւորութիւնները, մասնաւորապէս, «երաշխաւորելու Լաչինի միջանցքով երկկողմ ուղղութեամբ տեղաշարժող անձերու, փոխադութեան միջոցներու եւ բեռներուն անվտանգութիւնը», եւ յիշեցրել Եւրոպական Ուխտով ստանձնած պարտաւորութիւնները:

Իր հերթին, Ատրպէյճանը Հայաստանի դէմ հայց ներկայացուցած է Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան` պաշտօնական Երեւանը մեղադրելով Լաչինի շրջանին մէջ ատրպէյճանցիներուն ունեցուածքը ոչնչացնելու մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment