Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ծերակուտական Պոպ Մենենտես. «Թուրքիան 77 Միլիոն Տոլարի Զէնք Վաճառած Է Ատրպէյճանին՝ Անմեղ Հայերու Վրայ Յարձակելու Համար»

Ծերակուտական Պոպ Մենենտես. «Թուրքիան 77 Միլիոն Տոլարի Զէնք Վաճառած Է Ատրպէյճանին՝ Անմեղ Հայերու Վրայ Յարձակելու Համար»

by MassisPost

ԱՄՆ Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի նախագահ եւ Նիւ Ճըրսիի դեմոկրատ ծերակուտական Պոպ Մենենտես անդրադարձած է Թուրքիոյ, մասնաւորապէս, նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանին: Ան Սպիտակ Տան ղեկավարին կոչ ըրած է «F-16» կործանիչներ չվաճառելու  Թուրքիոյ:

«Օրերս Էրտողան Աթէնքին կը սպառնար` ըսելով․ «Յունաստանը կը վախնայ մեր հրթիռներէն: Կ’ըսեն` «Թայֆուն» հրթիռը պիտի խփէ Աթէնքը»: Այնուհետեւ Էրտողան, ուղիղ դիմելով յոյն ժողովուրդին, կ’ըսէ. «Պիտի հարուածենք, եթէ խելօք չմնաք»: Որպէս ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիր` ան փաստօրէն կը սպառնայ ուղղակիօրէն թիրախաւորել Աթէնքը, ուր կ’ապրի երեք միլիոն խաղաղ բնակիչ: Ըստ ՄԱԿ-ի կանոններուն` խաղաղ բնակչութեան վրայ դիտաւորեալ յարձակիլը կը համարուի ռազմական յանցագործութիւն»:

Խօսելով 44-օրեայ պատերազմին մասին` Մենենտես նշած է, որ Պաքուի կողմէ սկսած Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի նախօրէին Թուրքիան Ատրպէյճանին վաճառած է 77 միլիոն տոլարի զինուորական սարք, որ օգտագործուած է անմեղ հայերուն վրայ յարձակելու համար:

«Ահա, թէ ինչու զարմանալի չէ Էրտողանի` այս ամառ Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը աշխարհի ամենադաժան բռնապետերու` Ռուսիոյ եւ Իրանի նախագահներուն հետ: Պարզապէս նայեցէ՛ք այն առաջնորդներուն, որոնց հետ ան կը համագործակցի: Հաշուի առնելով այս վերջին գործողութիւնները` ԱՄՆ-ն պէտք չէ իր «F-16» կործանիչները տայ Էրտողանին: Այդ իսկ պատճառով, որպէս Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի նախագահ, ես պիտի չհաստատեմ Թուրքիոյ «F-16»-ներու մատակարարումը, քանի դեռ ան չէ դադրեցուցած իր նախայարձակ քաղաքականութիւնը ամբողջ տարածաշրջանին մէջ», եզրափակած է իր ելոյթը ծերակուտականը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment