Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւանի Նախկին Քաղաքապետ Գագիկ Բեկլարեանի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդում Յարուցուած Է

Երեւանի Նախկին Քաղաքապետ Գագիկ Բեկլարեանի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդում Յարուցուած Է

by MassisPost

Իրաւապահները նոր մեղադրանք առաջադրած են Երեւանի նախկին քաղաքապետ Գագիկ Բեկլարեանին` յայտարարելով, որ ան երկու տասնեակէ աւելի գոյքի ապօրինի տիրացած է: Հրապարակուած ցանկին մէջ 24 հասցէ կայ` գերակշիռ մասը Երեւանի կեդրոնին մէջ:

Դատախազութիւնը կը յայտարարէ, որ Բեկլարեանը այդ գոյքը յափշտակած է 2002-2010 թուականներուն, երբ կը զբաղեցնէր նախ Կեդրոնի թաղապետի, ապա Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնը: Դատախազ Արամ Արամեան յայտնեց, որ նախկին պաշտօնեան երէկ հարցաքննուած է, որմէ յետոյ անոր մեղադրանք ներկայացուած է: Բեկլարեան երկրէն բացակայելու իրաւունք չունի:

«Քրէական գործով փաստական տուեալներ են ձեռք բերուել, որոնք հիմք են տուել, ըստ էութեան, հանրային քրէական հետապնդում յարուցելու այլ դրուագներով եւս, մասնաւորապէս մեղադրանքի ծաւալում ներառուել են 24 անուն անշարժ գոյքերի իւրացման դէպքերը եւ դրանց գերակշիռ հատուածի յանցաւոր ճանապարհով օրինականացման դէպքերը, եւ միաժամանակ մեղադրանք է ներկայացուել պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու համար», ըսաւ դատախազը:

Նախկին քաղաքապետը 2020 թուականէն կը մեղադրուի 230 միլիոն դրամնոց մանկապարտէզի շէնքը իւրացնելու համար: Անոր աւելցած է եւս 27 դրուագով այս գործը` առանձնապէս մեծ չափերով գոյքի իւրացման, պաշտօնէական դիրքը ծառայութեան շահերուն հակառակ օգտագործելու, ինչպէս նաեւ յանցաւոր ճանապարհով ստացուած գոյքի օրինականացման յօդուածներով: Այժմ իրաւապահները կը զբաղին փտածութեան համապատկերով ներգրաւուած այլ անձերու ամբողջական շրջանակը պարզելու հարցով:

«Նախկին պաշտօնեաների վերաբերեալ տեղեկութիւն չներկայացնեմ, սակայն բնականաբար, առերեւոյթ քրէական գործով ձեռք բերուած տուեալները վկայում են այն մասին, որ յանցաւոր համապատկերներում ներգրաւուած են նաեւ այլ անձինք, որոնց առնչութիւնը կատարուած յանցագործութեան հետ կապուած դեռեւս ենթակայ է քննութեան», յաւելեց դատախազը:

Գագիկ Բեկլարեանը, մինչդեռ, չ’ընդունիր ոչ այս, ոչ ալ 2020-ին ներկայացուած մեղադրանքը: Փաստաբան Հրանդ Անանեանը, սակայն, չներկայացուց իրենց փաստարկները` պնդելով, որ իրաւունք չունի հրապարակելու նախաքննութեան տուեալները: Միեւնոյն ժամանակ տարակուսեցաւ` անոր զուգահեռ Դատախազութիւնը անարգել կը հրապարակէ քննութեան առարկայ գոյքին ցանկը:

Գագիկ Բեկլարեան կ’անցնի նաեւ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործով, որ դատարանը կը գտնուի: 6 տարի Կեդրոն համայնքը, ապա` 3 տարի ամբողջ Երեւանը ղեկավարած Բեկլարեանը, որ 5 տարի ալ փոխադրութեան եւ կապի նախարար եղած է, դատարանին մէջ պէտք է ապացուցէ, որ օրինական ճանապարհով միլիառներու տէր դարձած է: Հակառակ պարագային, պետութիւնը կրնայ բռնագանձել ունեցուածքը` 3 միլիառ դրամ, 33 բնակարան Երեւանի մէջ, տարածքներ, շինութիւններ, ինքնաշարժի կայանատեղիներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment