Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ ԱԱԾ-ն Մեկնաբանած Է Թուրքիոյ Կողմէ Սահմանի Ականազերծման Գործընթացը

ՀՀ ԱԱԾ-ն Մեկնաբանած Է Թուրքիոյ Կողմէ Սահմանի Ականազերծման Գործընթացը

by MassisPost

Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը Sputnik Արմենիայի հարցման ի պատասխան մեկնաբանած է թրքական կողմէ վերջին օրերուն իրականացուող սահմանի ականազերծման աշխատանքները:

«Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ պետական սահմանին յարակից թրքական տարածքին մէջ (կը գտնուի ՀՀ Շիրակի մարզի Ամասիայի տարածաշրջանի դիմացի հատուածին մէջ) ականազերծման աշխատանքները կ’իրականացնէ DLC կազմակերպութիւնը` ՄԱԿ-ի հովանիին ներքոյ», կ’ըսուի հարցման պատասխանին մէջ:

Յուլիսի կէսերուն թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ տեղեկութիւն յայտնուած էր, որ իսրայէլեան ընկերութիւնը կը զբաղի հայ-թրքական սահմանի ականազերծմամբ: Կը յայտնէին նաեւ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու բանակցութիւններուն կը քննարկուի Թուրքիոյ արեւելեան Կարս նահանգի Աքյաքա շրջանին մէջ «Տողուքափը» (հայկական կողմէ` Ախուրեան) սահմանային անցակէտի եւ «Ալիջան» (հայկական կողմէ` Մարկարա) անցակէտի բացման նախապատրաստումը: Այդ կը կատարուի երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար, այդ մասին պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուած է Յուլիսի սկիզբը:

Յուլիս 25-ին թրքական լրատուամիջոցները յայտնած էին նաեւ, որ ականի պայթումի հետեւանքով մէկ մարդ վիրաւորուած է:

Sputnik Արմենիան ԱԱԾ-էն տեղեկութիւններ խնդրած էր նաեւ այն մասին, թէ ո՞վքեր եւ ի՞նչ նպատակով կ’իրականացնեն ականազերծումը, եւ ի՞նչ ականներու մասին է խօսքը:

Կը պարզուի, որ նշուած թրքական հատուածը ականապատուած է Խորհրդային Միութեան ժամանակ:

Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան, ի պատասխան Sputnik Արմենիայի հարցումին, թէ ականազերծումը կապուա՞ծ է հայ-թրքական հաշտեցման գործընթացին հետ, ըսած է` «տուեալ դէպքում հնարաւոր չէ միանշանակ ինչ-որ բան ասել, այդ պատճառով ձեռնպահ կը մնամ մեկնաբանութիւններից»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment