Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մոսկուան Դէմ Չէ Արտատարածաշրջանային Խաղցողներու Ներգրաւման Հարաւային Կովկասի Գործընթացներուն. ՌԴ ԱԳՆ

Մոսկուան Դէմ Չէ Արտատարածաշրջանային Խաղցողներու Ներգրաւման Հարաւային Կովկասի Գործընթացներուն. ՌԴ ԱԳՆ

by MassisPost

Մոսկուան չ’առարկեր արտատարածաշրջանային խաղցողներու ներգրաւման, եթէ անոնք կը գործեն առկայ եռակողմ յայտարարութիւններու շրջանակին մէջ եւ կը նպաստեն անոնց իրականացման: Այդ մասին ճեպազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին Գործերու Նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ մամուլի բաժանմունքի ղեկավարի տեղակալ Իւան Նեչաեւը` պատասխանելով հարցին, թէ Մոսկուան ինչպէ՞ս կը պատրաստուի դիմակայելու Հարաւային Կովկասի մէջ արեւմտեան ազդեցութեան:

«Ռուսիան հանդէս կու գայ Հարաւային Կովկասը խաղաղութեան եւ բարգաւաճման գօտիի վերածելու օգտին: Տարածաշրջանային ուղղութեամբ մեր աշխատանքին մէջ յառաջ կը քաշենք բացառապէս կառուցողական օրակարգ եւ չենք պատրաստուիր մրցակցելու ոեւէ մէկուն հետ: Ունինք կառուցողական նպատակներ: Ինչ կը վերաբերի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, բազմիցս նշած ենք, որ համապատասխան ջանքերը պէտք է գործադրուին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու` 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ յայտարարութիւններու հիման վրայ:

Մենք դէմ չենք արտատարածաշրջանային խաղցողներու ներգրաւման, եթէ անոնք կը գործեն վերը նշուած համաձայնագրերուն համապատասխան եւ կը նպաստեն անոնց իրականացման: Կարեւոր է թոյլ չտալ կրկնօրինակում ու «թաքնուած խաղեր»` ինչ-որ մէկը թուլցնելու կամ գործը խոչընդոտելու համար: Ցաւօք, մենք բազմիցս հանդիպած ենք նշուած դերակատարներուն կողմէ նման գործելաոճի», ըսած է Նեչաեւը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment