Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Իշխանափոխութեան Պահանջով Բողոքի Շարժումները Կը Շարունակուին

Իշխանափոխութեան Պահանջով Բողոքի Շարժումները Կը Շարունակուին

by MassisPost

Երկուշաբթի առաւօտ ընդդիմութիւնը քանի մը ժամ անհազանդութեան արարքներ կատարեց Երեւանի մէջ` փակելով մայրաքաղաքի շարք մը կեդրոնական փողոցներ ու խաչմերուկներ:

Իշխանափոխութեան պահանջով բողոքի շարժումները սկսան առաւօտեան 8:30-էն5 քանի մը փողոցներու մէջ:

Ցուցարարները, սակայն, միայն քանի մը վայրկեան կը յաջողէին արգելափակել երթեւեկութիւնը. ոստիկանութիւնը, որ որոշ փողոցներու մէջ յաւելեալ ուժեր տեղակայած էր վաղ առաւօտէն սկսեալ, արագօրէն բերման կ’ենթարկէր բողոքի շարժումի մասնակիցները: Մինչեւ կէսօր, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, արդէն մօտ 200 հոգի բերման ենթարկուած էր:

Իշխանափոխութիւն պահանջող ընդդիմութիւնը կը պնդէ, որ սա իրենց պայքարի վճռական փուլն է: Թէ քանի օր պիտի շարունակեն այս շարժումները, երբ եւ ինչպէս իրենց ծրագրին պիտի հասնին, ընդդիմութիւնը դեռ չի յստակացներ:

Երկրորդ օրն է, որ ընդդիմադիրները կը գիշերեն Ֆրանսայի հրապարակին մէջ, որ փակ է չորս կողմէ: Միւս փողոցները, մինչդեռ, օրուայ երկրորդ կէսէն արդէն բաց էին: Իրաւապահները յայտարարեցին, որ կէսօրը անց Երեւանի մէջ երթեւեկութիւնը ամբողջութեամբ վերականգնուած է:

Առաւօտէն սկսեալ մայրաքաղաքին մէջ բերման ենթրակուած հարիւրաւոր ցուցարարներուն մեծ մասը քանի մը ժամ անց ազատ արձակուած է, կը հաղորդեն ոստիկանութենէն:

Անհնազանդութեան գործողութիւններու ժամանակ ոստիկանական բաժին տարուած էր նաեւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Աշոտ Սիմոնեանը` ոստիկանի օրինական պահանջին չենթարկուելու համար:

Անոր  գործընկերը` Գեղամ Մանուկեանը, ապօրինի որակեց իրաւապահներուն այս քայլը` պնդելով, որ սահմանադրութեամբ պատգամաւորը կրնան ազատազրկել միայն յանցանք կատարելու վայրին մէջ:

Ոստիկանութեան Էրեբունիի բաժնին մէջ երեք ժամ անցընելէ յետոյ ազատ արձակուեցան նաեւ մօտ երեք տասնեակ ընդդիմադիր ցուցարարներ:

Այսօրուընէ սկսած անհնազանդութեան գործողութիւնները, ըստ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ին, կը կրկնեն 2018-ի յեղափոխութեան թեքնիք հնարքները, բայց զուրկ են բովանդակութենէ:

Իշխող խմբակցութեան անդամ Վահագն Ալեքսանեան ընդգծեց, որ փողոցին մէջ տիրող իրավիճակը իրենց չ’անհանգստացներ, Փաշինեանի հրաժարականի հարցը չի քննարկուիր, օրակարգէն չեն շեղիր: Ընդդիմութիւնը, ըստ անոր, քաղաքայիններուն համբերութիւնը կը փորձէ:

«2018-ին համաժողովրդական շարժում էր: Հիմա չի կարելի կրկնել մի քանի հարիւր հազարի կամ միլիոնի արածը ընդամէնը 4-5 հազարով», ըսաւ ան` յաւելելով. «Հիմա իրենց փոքրաթիւ աջակիցների հետ փորձում են ազդել ընդամէնը մարդկանց ջիղերի վրայ, ինչ-որ ջղային մթնոլորտ ստեղծել: Չեմ կարծում, որ այստեղ անհանգստանալու ինչ-որ մի բան կայ»:

Իշխանական մէկ այլ պատգամաւոր Նարեկ Ղահրամանեանը նախ ծրագիր կ’ուզէ տեսնել ընդդիմութենէն: Կ’ըսէ, որ յստակ պահանջ չէ լսած. «Չեմ բացառում, որ մարդիկ, որոշ մասը գաղափարի համար է դուրս եկել եւ ճանապարհ է փակում, բայց նրանց կազմակերպիչների մօտ ես գաղափար չեմ տեսնում, ես նոյնիսկ ասելիք չեմ լսել այսքան ժամանակ»:

Արձագանգելով հրապարակին մէջ հնչող ելոյթներուն, թէ վարչապետ Փաշինեանը մտադիր է Արցախը յանձնել Ատրպէյճանին, իշխանական պատգամաւորը պնդեց, որ Արցախի վերաբերեալ ներկայիս ընդդիմութիւնը, որ երէկ դեռ իշխանութեան էր, ամէն ինչ իմացած է:

«Նոր փաստաթուղթ, ինչպէս մեր ղեկավարութիւնն է ասում, չկայ: Ես յստակ գործողութեան խօսք չեմ լսում, «թուրք Նիկոլ, դաւաճան, առանց թուրք Հայաստան», բայց յստակ իմաստ իրենց ասելիքի մէջ չկայ: «Նիկոլ, հեռացի՛ր», յետո՞յ», նշեց ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment