Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քիեւ Կը Պնդէ, Որ Հայաստանը, Վրաստանն Ու Ատրպէյճանը Կ’օգնեն Մոսկուային Շրջանցելու Պատժամիջոցները

Քիեւ Կը Պնդէ, Որ Հայաստանը, Վրաստանն Ու Ատրպէյճանը Կ’օգնեն Մոսկուային Շրջանցելու Պատժամիջոցները

by MassisPost

Ուքրանիոյ ռազմական հետախուզութիւնը այսօր հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կը պնդէ, որ Ռուսաստանը կը փորձէ իր դէմ սահմանուած արեւմտեան պատժամիջոցները շրջանցել հարաւկովկասեան երեք պետութիւններու միջոցով:

«Մոսկուան բանակցութիւններ կը վարէ Վրաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ` միջազգային շուկաներ ռուսական ապրանքներու վերաարտահանման շուրջ: Մատակարարումները կը նախատեսուին իրականացնել վրացական, հայկական եւ ատրպէյճանական ծագում ունեցող արտադրանքի տեսքով` առաքելով զանոնք երրորդ երկիրներ», կը պնդէ Ուքրանիոյ ռազմական հետախուզութիւնը` ընդգծելով, որ Հարաւային Կովկասի երեք պետութիւններուն մէջ ռուսական դրամագլուխի մասնակցութեամբ արդէն իսկ 200 համատեղ ձեռնարկութիւն ստեղծուած է:

Ուքրանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Գլխաւոր Հետախուզական Վարչութիւնը նաեւ կը պնդէ, որ Հայաստանը բարենպաստ պայմաններ ստեղծած է պատժամիջոցներէ խուսափիլ փափաքող ռուսական առեւտրային ընկերութիւներուն համար:

«Խօսքը նախեւառաջ IT (տեղեկատուական արհեստագիտութիւններ) ոլորտի ընկերութիւններու մասին է: Ուքրանիոյ դէմ Ռուսաստանի լայնածաւալ յարձակման մեկնարկէն ի վեր Հայաստան տեղափոխուած է Ռուսաստանի 85 հազար քաղաքացի եւ IT ոլորտի 113 ընկերութիւն: Այս ընթացքին Ռուսաստանի քաղաքացիները Հայաստանի մէջ հազարէն աւելի մասնաւոր ընկերութիւններ եւ 250 սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութիւններ ստեղծած են` հարկեր մուծելով Հայաստանի եւ Ռուսաստանի պիւտճէներ», կը պնդեն ուքրանացի ռազմական հետախոյզները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment