Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւանի Քաղաքապետի Յաջորդ Ընտրութիւններուն ՔՊ-ն Պիտի Առաջադրէ Տիգրան Աւինեանի Թեկնածութիւնը

Երեւանի Քաղաքապետի Յաջորդ Ընտրութիւններուն ՔՊ-ն Պիտի Առաջադրէ Տիգրան Աւինեանի Թեկնածութիւնը

by MassisPost

Երեւանի քաղաքապետի յաջորդ տարի կայանալիք ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ը պիտի առաջադրէ նախկին փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի թեկնածութիւնը, փոխանցեց իշխող ուժի հանրային կապերու համակարգող Վահագն Ալեքսանեանը:

Գործող քաղաքապետ Հրաչ Սարգսեանը օրերս լրատուամիջոցներէն մէկուն հետ զրոյցին ըսած էր, որ Աւինեանի համաձայնութեան պարագային՝ զայն փոխքաղաքապետ պիտի նշանակէ: Իշխող ուժէն ըսին, որ, այո՛, Աւինեանը նախ փոխքաղաքապետ պիտի նշանակուի, իսկ միւս տարի արդէն նախընտրական ցուցակը պիտի գլխաւորէ:

«Որոշում կայ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան կողմից, որ Երեւան քաղաքի յառաջիկայ ՏԻՄ ընտրութիւններում ՔՊ ցուցակը գլխաւորելու է Տիգրան Աւինեանը, լինելու է քաղաքապետի թեկնածուն, բայց շատ կարեւոր է, որ այս տարանջատումը լինի, որ հիմա մեր քաղաքապետը Հրաչեայ Սարգսեանն է եւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը իր ողջ թիմով աջակցում է նրան իր գործում: Պարոն Աւինեանի մասով էլ կայ որոշում, որ նա պէտք է շուտով դառնայ Երեւանի փոխքաղաքապետ», ըսաւ Վահագն Ալեքսանեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment